Աղբիւր՝ www.asbarez.com

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ եւ Տիգրանակերտէն ընտրուած խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան 30 Օգոստոսին առաջին անգամն ըլլալով հարցազրոյց մը տուաւ լրատուամիջոցներուն, նախորդող Շաբաթ օր, Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած «Շաբաթօրեայ մայրեր» նախաձեռնութեան ցոյցին ընթացքին ոստիկաններու հետ բախումէն ետք:

«Թէ.24» կայանի կայքին համաձայն՝ Փայլան յայտնեց, որ ոստիկանները իսկապէս վատ վերաբերած են ցոյցի մասնակիցներուն հետ, իսկ ինք այդ վայրկեանին մոռցած է իր պատգամաւոր եւ քաղաքական գործիչ ըլլալու հանգամանքը՝ փորձելով պաշտպանել ընկերներն ու ցոյցին մասնակցողները:

«Հոն Կարօ Փայլան, Հիւտա Քայա կամ Ահմետ Շըք չկար: Բոլորս այդ պայքարին մէջ զինուոր էինք: Մենք դէմ առ դէմ կանգնած ենք մեծ անխղճութեան մը հետ: Մենք պիտի շարունակենք դիմադրել այդ բոլորին», ըսաւ Փայլան՝ աւելցնելով, որ անկախ ներքին գործոց նախարարին սահմանած արգելքէն՝ «Շաբաթօրեայ մայրեր»ու ցոյցերը պիտի շարունակուին:

«Նախարար Սուլէյման Սոյլուի յայտարարութենէն կ՛երեւի, որ «Շաբաթօրեայ մայրեր»ու 701րդ ցոյցը նոյնպէս պիտի արգիլուի: Սակայն մենք դարձեալ պիտի շարունակենք այնտեղ գտնուիլ: Ինչ որ ըսեն մայրերը, այդ պիտի ընենք. անոնց կողքին պիտի ըլլանք», ըսաւ ան:

Նոյն ցոյցին մասնակցած Առատ Տինք նոյնպէս նման յայտարարութիւն մը կատարեց «Ակօս»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին։