Աղբիւր՝ www.asbarez.com

Ատրպէյճան կը պատրաստւի իր բողոքը ներկայացնելու CNN-ի յունական ծառայութեան՝ Արցախի  հակամարտութեան մասին պատմող փաստագրական ֆիլմին վերաբերեալ:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղար Հիքմաթ Հաճիեւ յայտնած է, թէ իրենք այս միջազգային լրատւական միջոցին  պիտի ներկայացնեն իրենց դժգոհութիւնը «քարոզչական նպատակներ հետապնդող» շարժապատկերին վերաբերեալ, զոր յունական ծառայութիւնը նկարահանած է իբրեւ թէ՝ հայկական կողմին պատւէրով:

CNN Greece լրատւական համացանցային կայանը ներկայացուցած է 27 վայրկեան տեւողութիւն ունեցող վաւերագրական տեսաերիզ մը՝ պատրաստւած լրագրող եւ պատերազմներու առաջին գիծին վրայ գտնւելու միշտ պատրաստ թղթակից Մարիա Քարխիլաքիի եւ նկարահան Էորղոս Ափոսթոլոփուլոսի կողմէ:

Շարժապատկերը կը ներկայացնէ 1991ի ազատագրական շարժումէն սկսեալ Արցախի պատմութիւնը՝ տեսակցութիւններ ունենալով արցախցի երիտասարդներու, Հայաստանի եւ Արցախի կառավարական դէմքերու, զինւորական ղեկավարներու եւ զինւորներու հետ, վկայութիւններ առնելով անոնցմէ, այդ շրջանի պատերազմի օրերուն անոնց ապրումներուն մասին, ինչպէս նաեւ անոնց զգացումներուն եւ խաղաղութեան ակնկալութիւններուն մասին: Ներկայացւած են նաեւ յունական արմատներ ունեցող Արցախի բնակիչներ:

Տտեսաերիզը կը ցուցադրէ 2016ի Ապրիլեան քառօրեայ աւերիչ պատերազմի ազդեցութիւնը շրջանի բնակչութեան վրայ: