Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Ծանրամարտի Հայաստանի հաւաքականի անդամ Անդրանիկ Կարապետեան (85 քկ․) դարձաւ եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան ոսկէ մետալակիր:

Ալպանիոյ մէջ տեղի ունեցող ծանրամարտի Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան մրցեցան  85 քկ․ ծանրութեան կարգի ծանրորդները: Կարապետեան պոկում վարժութեան մէջ վեր պահեց 170 քկ․ եւ դարձաւ փոքր ոսկէ մետալակիր: Հրում վարժութեան մէջ ան բարձրացուց միայն 190 քկ․ եւ նուաճեց փոքր արծաթէ մետալ: Երկամարտի 360 քկ․ արդիւնքով Անդրանիկ Կարապետեան դարձաւ Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեան:

Երէկ կանանց 75 քկ․ ծանրութեան կարգին մէջ Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեան դարձած էր Սոնա Պօղոսեան: