Աղբիւր՝ www.asbarez.com

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ խումբ մը քոնկրեսականներ, ազատ արտայայտուելու իրաւունքին ի նպաստ հանրային հաւաք մը պիտի կազմակերպեն մայրաքաղաք Ուաշինկթընի Շերըտըն հրապարակին վրայ, ուր Մայիս 16ին տեղի ունեցան Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի թիկնապահներուն կողմէ տխրահռչակ բռնարարքները՝ խաղաղ ցուցարարներու դէմ։

Թրքական այդ վայրագութիւնն ու ազատ արտայայտուելու իրաւունքին կարեւորութիւնը լուսարձակի տակ առնելու նպատակով կայանալիք սոյն հաւաքը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Չորեքշաբթի, Յուլիս 19ին, առաւօտեան ժամը 8։30էն սկսեալ՝ «Նեցո՛ւկ կանգնէ ազատ արտայայտուելու իրաւունքին» խորագիրին ներքեւ։

Ցարդ հաստատուած է, թէ հետեւեալ քոնկրեսականները ելոյթ պիտի ունենան այդ հաւաքին ընթացքին՝ Տան Ռորպախըր, Ճիմ ՄըքԿաւըրն եւ Տէյվ Թրաթ։

Հաւաքին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, այցելել www.facebook.com/events/278787265862552 կայքէջը։

Յիշենք, որ Յուլիս 19ին, Ուաշինկթընի ապահովական մարմինները ձերբակալութեան հրահանգներ արձակեցին 18 կասկածելիներու դէմ, ներառեալ՝ Էրտողանի 12 թիկնապահներուն, իսկ Յունիս 6ին, Ներկայացուցիչներու տունը դատապարտեց թրքական այս բռնարարքը։