Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

Եւրոպական խորհրդարանի 477 երեսփոխաններ երէկ` հինգշաբթի, 6 յուլիսին պաշտօնապէս քուէարկեցին ոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւնները դադրեցնելու օգտին: Քուէարկութիւնը կատարուած է Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին գործերու յանձնախումբին առաջարկով, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Եուրոնիուզ»:

Նշենք, որ անցնող 20 յունիսին Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին գործերու յանձնախումբը ազդարարած էր կասեցնել Թուրքիոյ հետ  բանակցութիւնները` վերջինիս որդեգրած սահմանադրական փոփոխութիւնները անյարիր նկատելով Եւրոպական Միութեան  սկզբունքներուն: