Աղբիւր՝ www.asbarez.com

ՊՈԼԻՍ.- Թրքական բանակին մէջ իր ծառայութեան օրերուն, 2011ի Ապրիլ 24ին սպաննուած հայ զինուոր Սեւակ Պալըքճըի դատական գործը տեղափոխուած է քաղաքացիական դատարան. այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը:

Նշենք, որ զօրամասի հրամանատարութիւնը Սեւակ Շահին Պալըքճըի սպանութենէն անմիջապէս ետք յայտարարած էր, որ ատիկա տեղի ունեցած է՝ «ծառայակից ընկերոջ հետ կատակելու ժամանակ պատահաբար արձակուած գնդակով»: Սակայն Սեւակի ծնողքը կը պնդէ, որ զայն սպաննած են՝ հայ ըլլալուն համար:

Տիգրանակերտի օդային ուժերու ռազմական դատարանը 2013ի Մարտ 26ին որոշած էր, որ Սեւակին վրայ կրակած Քըւանչ Աղաօղլուն, «մտադրաբար մարդ սպաննելու» մեղադրանքով՝ դատապարտուած էր 4 տարի 5 ամիս եւ 10 օր բանտարկութեան, իսկ ենթասպայ մը «պաշտօնը չարաշահելու» յանցանքով՝ դատապարտուած էր 5 ամիս բանտարկութեան: Որոշման հրապարակումէն ետք, մեղադրեալներուն իրաւաբանները դիմած էին վերաքննիչ դատարան՝ վիճարկելու համար կայացուած որոշումը:

Ռազմական գլխաւոր դատախազութիւնը 2014ին վճիռ արձակած էր՝ յայտնելով, որ սպանութեան մէջ դիտաւորութիւն մը չէ արձանագրուած, եւ պնդած էր, որ անբաւարար են այն փաստերը, որոնք կ՛ապացուցեն սպանութեան դիտաւորութիւնը: Ուստի, դատախազութիւնը չեղեալ համարած էր Տիգրանակերտի դատարանին որոշումը:

Այժմ, դատարան վերադարձած դատական այս գործը սկսած է վերանայուելու սկիզբէն:

2016ի Յուլիս 15ի ռազմական յեղաշրջման փորձէն ետք, նոր հրամանագիր մը ընդունուած է՝ ռազմական դատարաններու վերացման մասին, ուստի, Սեւակ Պալըքճըի դատական գործը փոխանցուած է Քոզլուքի քաղաքացիական քրէական դատարան: