Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Քիչ առաջ ներկայացուցինք Հայաստան-Սուրիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու 25-ամեակին առիթով` Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ ալ Մուալլեմ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան փոխանակած են շնորհաւորական նամակներ։

Առ այդ, ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝  արժէ աւելցնել, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Մուալլեմ ընդգծած է, որ Սուրիան` իր քաղաքական ղեկավարութեամբ, կառավարութեամբ եւ ժողովուրդով, ամենայն գնահատանքով կը դիտէ բարեկամ Հայաստանի նպաստաւոր դիրքորոշումները` Սուրիոյ դէմ ահաբեկչական յարձակման նկատմամբ: Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ յարձակում կատարող կողմերէն մէկը հայ ժողովուրդի նկատմամբ ցեղասպանութիւն իրականացնող նոյն կողմն է, որուն քաղաքականութիւնը խարսխուած է միահեծան իշխանութեան եւ սուլթանական սին երազանքներու վրայ, որ դատապարտուած է ձախողման եւ ամենավատ հետեւանքներ պիտի ունենայ յարձակողին համար:

Ուալիտ ալ Մուալլեմ աւելցուցած է, որ Սուրիան, որ սկսած է յաղթանակներ արձանագրել ահաբեկիչներուն դէմ, վստահ է, որ այն բարեկամները, որոնք անոր կողքին կանգնեցան յարձակման ժամանակ, անոր ձեռք պիտի մեկնեն ահաբեկչութեան աւերածութիւնները վերականգնելու համար: Ասիկա բացառիկ առիթ է, որ բոլոր ոլորտներուն մէջ զարգացնենք մեր երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը: