Աղբիւր՝ www.asbarez.com

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Պոլսոյ մէկ ատեանը յայտնի թուրք լրագրող եւ հրապարակախօս Հասան Ճեմալը դատապարտած է 1 տարի եւ 3 ամիս բանտարկութեան, սակայն պատիժին գործադրութիւնը առայժմ յետաձգուած է։

Թրքական «Տողան» լրատուական գործակալութիւնը կը գրէ, թէ Ճեմալ կ՛ամբաստանուի անցեալ տարի իր գրած յօդուածներէն մէկուն մէջ՝ «ահաբեկչական կազմակերպութեան ի նպաստ քարոզչութիւն կատարելու» յանցանքով:

Դատարանը, իր վճիռը հրապարակելէն առաջ, Ճեմալին տուած է վերջին խօսքի իրաւունք: Ճեմալ ըսած է. «47 տարուան լրագրող եմ: Ցարդ իմ կողմէ գրուած յօդուածներուն եւ գիրքերուն համար այս ձեւով չեմ մեղադրուած: Երբե՛ք չեմ պաշտպանած ահաբեկչութիւնը: Միշտ պաշտպանած եմ խաղաղութիւնը: Լրագրութիւնը յանցանք չէ՛: Այն հասարակութեան մէջ, ուր լրագրութիւնը յանցանք կը համարուի, չկան ազատութիւններ, իրաւունք եւ ժողովրդավարութիւն»:

«Տողան» կը նշէ, որ նոյն դատարանին մէջ բացուած է Հասան Ճեմալի դէմ մէկ այլ դատ մը եւս՝ նոյն անհիմն ամբաստանութեամբ, որուն իբրեւ հետեւանք՝ լրագրողը կրնայ մինչեւ 8 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ։

Յիշեցնենք, որ Հասան Ճեմալ Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպիչներէն՝ Օսմանեան կայսրութեան ծովային ուժերու նախարար Ճեմալ փաշայի թոռն է: Ան բազմիցս խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին եւ եղած է թրքական «Ճումհուրիյէթ» (1981-1992) ու «Սապահ» (1992-1998) թերթերու խմբագիր: