Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ՝ Հասան Ռոհանիի իր յղած նամակով ցաւակցութիւն յայտնեց Հանրապետութեան նախկին նախագահ՝ Ալի Աքպար Հէշէմի Ռաֆսանջանիի մահուան տխուր առիթով:

Նորին Սրբութիւնը իր ցաւակցագիրին մէջ յիշելէ ետք իր ունեցած երկու հանդիպումները հանգուցեալին հետ, շեշտեց, թէ Ռաֆսանջանի կարեւոր ներդրում բերած է Իրանի Հարնապետութեան յառաջդիմութեան եւ միջազգային յարաբերութեան զարգացման մէջ:

Յայտնենք, թէ յանուն Վեհափառ Հայրապետին Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ երկու միաբան հայրերու, այցելեց Լիբանանի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Դեսպանին, անձամբ փոխանցելու համար Վեհափառ Հայրապետին ցաւակցութիւններն ու ցաւակցագիրը: