Աղբիւր՝ www.asbarez.com

ԵՐԵՒԱՆ, «Ա1+».- Դեկտեմբեր 27ին, Երեւանի մէջ կազմակերպուած՝ «Թուրքիոյ ներքաղաքական զարգացումները եւ ազդեցութիւնը՝ տարածաշրջանին եւ Հայաստանի վրայ» նիւթով քննարկումին ընթացքին, «Նոր Զարթօնք» շարժման համահիմնադիր, փորձագէտ Սայաթ Թեքիր, որ Պոլիսէն սոյն քննարկման միացած էր համացանցի միջոցով, ըսաւ, որ զինուորական յեղաշրջման փորձէն ետք Թուրքիոյ մէջ իրավիճակը փոխուած է, իսկ Էրտողան կը փորձէ սուլթանութիւն հիմնել:

«Բայց ընդդիմութի՛ւն ալ կայ, ինչպէս օրինակ՝ քրտական շարժումը, որ յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ, սակայն, միաժամանակ, քիւրտերուն վրայ ճնշումներ ալ կը գործադրուին: Վերջին մէկ տարուան ընթացքին, Թուրքիոյ մէջ քիւրտերու դէմ Ցեղասպանութիւնը յիշեցնող ջարդեր գործադրուեցան, ռմբակոծուեցան անոնց թաղամասերը: Հայերու դէմ ուղղակի ոչինչ կատարուած է, բայց միշտ կ՛ըսենք, որ քիւրտերու դէմ «պայքարը» միայն թուրք-քրտական պայքար չէ, այլ թուրքերու եւ խաչակիրներու պայքար է, որուն մասնակից են նաեւ կրօնափոխ հայերը: Ատելութեան խօսքեր մի՛շտ կը հնչեն հայերու դէմ, եւ հիմա կը տեսնենք, որ գրեթէ յաճախ, հայկական եկեղեցիներու կամ դպրոցներու պատերուն վրայ ատելութեան խօսքեր կը գրուին: Ուղղակի յարձակումներ չենք տեսներ, բայց Թուրքիոյ հայութիւնը վախի մթնոլորտի մէջ կ՛ապի», ըսաւ Սայաթ եւ աւելցուց, որ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերը սկսած են արտագաղթելու:

Քննարկման միւս բանախօսը՝ Միջազգային եւ ապահովութեան հարցերով հայկական հիմնարկի փորձագէտ Գէորգ Մելիքեան, յայտնեց, որ Թուրքիա կ՛անցնի շատ լուրջ փոփոխութիւններու ընդմէջէն, եւ ըստ իրեն՝ տակաւին պարզ չէ, թէ այդ փոփոխութիւնները ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենան տարածաշրջանին վրայ։

«Տարածաշրջանում իր դերակատարութիւնն աշխուժացնում է Ռուսաստանը. աշխոյժ դերակատարում ունի նաեւ Թուրքիան: Սիրիական հարցում Թուրքիան եւ Ռուսաստանը, լինելով հակադիր կողմերում՝ այժմ գտնւում են գրեթէ այն վիճակում, որ կարողանում են համագործակցել եւ միասին իրականացնել ռազմական գործողութիւններ: Սա նշանակում է, որ Ռուսաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ ձեւաւորւում է որոշակի համագործակցութիւն, որը չի կարող ազդեցութիւն չունենալ այս տարածաշրջանին վրայ», ըսաւ ան՝ յիշեցնելով, որ Անգարա խնդիրներ ունի Արեւմուտքի հետ:

«Ռուսաստանը փորձում է, մինչեւ Յունուար, Թուրքիային տանել իր կողմը, իսկ Յունուարի վերջին, Ամերիկան կ՛ունենայ նոր նախագահ, որը, եթէ նոյնիսկ շարունակի այսօրուայ վարչակարգի քաղաքականութիւնը տարածաշրջանում, միեւնոյն է՝ շատ յստակ փոփոխութիւններ կ՛անի», ըսաւ ան։

Մելիքեան նաեւ նշեց, որ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ տեղի ունեցող գործընթացներուն մէջ յստակ չէ Հայաստանի դերը։ «Հայաստան կը կեդրոնանայ միայն ղարաբաղեան խնդրի լուծման վրայ, բայց զարգացումները ցոյց են տալիս, որ լրջագոյն փոփոխութիւններ են տեղի ունենում տարածաշրջանում, որոնց հիմնական նախաձեռնողը ռուսական կողմն է: Հայաստանը, լինելով ՌԴ դաշնակիցը՝ չեմ կարծում, որ անմասն մնայ այդ գործողութիւններից», եզրակացուց ան: