Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Գանատայի կառավարութիւնը` ի դէմս զօրավար-նահանգապետ Տէյվիտ Ճոնսթընի, Փետրուար 17-ին Ատոմ Էկոյեանին շնորհած է Գանատայի Ազգային Շքանշանի բարձրագոյն տիտղոսը` երկրի մշակոյթի մէջ կատարած ներդրումին համար:

Այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին մէջ հաղորդած է Արսինէ Խանջեան:

«Ատոմ Էկոյեանը նուիրուած է երկրի երիտասարդ տաղանդներու եւ բազմազան մշակութային դաշտի զարգացման: Մեր մշակութային գանձերէն մէկը` իբրեւ  բեմադիրչ ան ձեռք բերած է միջազգային համբաւ` միեւնոյն ժամանակ ամուր կապուած մնալով Գանատայի հետ: Համայնքի, մեկուսացման, մեր կեանքին մէջ արհեստագիտութեան դերի թեմաները կեդրոնական  են անոր գերազանց ստեղծագործական գործունէութեան մէջ: Նուիրելով իր ժամանակը եւ տաղանդը` ան նաեւ կը դասաւանդէ եւ կը հանդիսանայ մշակութային ձեռնարկներու եւ կինոփառատօններու գործօն մասնակից եւ ժիւրի: Ան նաեւ տաղանդաւոր վիզուալ արտիստ է եւ թատրոնի ու օփերայի բեմադրիչ»,- նշուած է շքանշանի յանձնման արարողութեան ժամանակ: