Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Համահայկական խաղերու Պոլսոյ կարգադիր յանձնախումբի մամուլի ասուլիսին ժամանակ՝ յանձնախումբի ատենապետ Հայկարամ Քարասուն յայտարարած է, որ Պոլսոյ մարզիկներու խումբը պիտի չի մասնակցի Արցախի մէջ կայանալիք Համահայկական խաղերուն: Այս մասին կը տեղեկացնէ Պոլսոյ հայկական «Ժամանակ» օրաթերթը:

Հայկարամ Քարասուն յայտնած է, որ չմասնակցելու գլխաւոր պատճառը խաղերուն Արցախի մէջ իրականացուելու հանգամանքն է, որ բարդ իրավիճակի մէջ դրած է պոլսահայ մարզիկներուն խումբը: Լաւատեղեակ ըլլալով տարածաշրջանային հարցերու մէջ՝ յատկապէս Արցախի խնդրի շուրջ Թուրքիոյ դիրքորոշման՝ յանձնախումբը չէ ցանկացած խնդիրներ ստեղծել մարզիկներուն համար: Իսկ մինչ այդ անոնք առանց խոչընդոտի մասնակցութիւն ունեցած են Հայաստանի մէջ իրականացուած համահայկական ծրագրերուն:

Քարասուն նաեւ նշած է, որ եթէ իրենց խումբը մասնակցէր խաղերուն՝ մարզիկները հայ համայնքը պիտի ներկայացնէին ինը մարզաձեւերու մէջ: