Աղբիւր՝ www.asbarez.com

15 Ապրիլին, Ռուսիոյ նախաձեռնութեամբ, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ՝ Զօհրապ Մնացականեանի, Էլմար Մամետեարովի եւ Սերկէյ Լաւրովի աշխատանքային հանդիպումը, որուն աւելի ուշ միացան նաեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներ՝ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ) ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք:

Հանդիպման ընթացքին շարունակուեցան Արցախի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու հեռանկարներու քննարկումները՝ նկատի ունենալով 29 Մարտին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ հանդիպման արդիւնքները:

Կատարուեցաւ կարծիքներու փոխանակում՝ հակամարտութեան գօտիին վրայ լարուածութեան մեղմացման ուղղուած միջոցառումներու, ինչպէս նաեւ մարդասիրական ոլորտին մէջ  համագործակցութեան շուրջ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, թէ հանդիպման արդիւնքներուն հիման վրայ հրապարակուեցաւ միացեալ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի.

«Իբրեւ զարգացում 29 Մարտին, Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն՝ հանդիպման մասնակցողները քննարկեցին իրադրութիւնը սահմանին եւ շփման գիծին վրայ, ինչպէս նաեւ մարդասիրական ոլորտին մէջ գործակցութեան հաստատման հեռանկարները: Տեղի ունեցաւ կարծիքներու հանգամանալի փոխանակում՝ կարգաւորման հիմնարար հարցերուն շուրջ:

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները վերահաստատեցին կողմերուն մտադրութիւնը՝ շարունակելու քաղաքական-դիւանագիտական միջոցներով ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ ջանքերը: Ընդգծուեցաւ շահագրգռուածութիւնը հակամարտութեան գօտիին մէջ իրադրութեան յետագայ կայունացման ուղղութեամբ, մասնաւորապէս գիւղատնտեսական աշխատանքներու ժամանակաշրջանին: Անոնք նաեւ պայմանաւորուեցան փոխադարձութեան հիման վրայ միջոցներ ձեռնարկելու՝ թոյլատրելու կողմերուն տարածքներուն մէջ կալանքի տակ գտնուող անձերուն հարազատներուն այցելութիւնները: Նախարարները պատրաստակամութիւն յայտնեցին գործնական միջոցներ ձեռնարկելու՝ քաղաքացիներու միջեւ շփումներ հաստատելու  ուղղութեամբ, ներառեալ՝ զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու փոխադարձ այցելութիւններու միջոցով:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը եւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահները վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը միջնորդական առաքելութեան՝ ուղղուած տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման: Հանդիպման մասնակցողները պայմանաւորուեցան շարունակել շփումները մօտիկ ապագային»: