Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի եւ Արցախի Հանրապետութեան պետական պիւտճէի համատեղ աջակցութեամբ՝ Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղին մէջ, 2018-էն սկսած են 8 նոր տուներու կառուցման աշխատանքները:

Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, Յունուար 21-ին տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսի մը ժամանակ, ըսած է ԱՀ քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան՝ նշելով, որ այդ 8 տուներու կառուցման աշխատանքները պիտի աւարտին ամրան:

Նախարարը տեղեկացուցած է, որ 2018 թուականին «Հայաստան» հիմնադրամի միջոցներով Թալիշի մէջ վերանորոգուած է 4 բնակելի տուն:

«Թալիշի մէջ անվտանգ եւ յարմարաւէտ ապրելու համար կան բոլոր պայմանները: Համայնքը ունի գոյքով ապահովուած նորակառոյց դպրոց եւ մանկապարտէզ, որոնց համար կառուցուած են ապաստարաններ եւ խաղահրապարակներ: Թալիշի մէջ կառուցուած են ժամանակակից պահանջներուն համապատասխան համայնքային կեդրոն, բուժկէտ, հանդիսութիւններու սրահ, կենցաղային տուն: Բարեկարգուած է կեդրոնական ճանապարհը, բնակելի տուները հիմնովին վերանորոգուած են եւ անհրաժեշտ գոյքով կահաւորուած: Ներկայիս Թալիշը ունի 2 նորակառոյց եւ 40 վերանորոգուած տուն: Բնակելի տուներու աւարտէն ետք՝ Ալաշան բնակող թալիշցիները պիտի վերադառնան ծննդավայր եւ սկսին իրենց բնականոն կեանքը»,-մանրամասնած է նախարարը: