Աղբիւր՝ www.asbarez.com

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Հետք».- Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 2018ի առաջին կիսամեակին Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդանոցներուն մէջ ծնած են 1057 երեխաներ, որոնցմէ 552ը՝ տղայ, 505ը՝ աղջիկ:

Միայն 878 երեխայ ծնած է Ստեփանակերտի «Մօր եւ մանկան» առողջութեան պահպանման կեդրոնին մէջ: Մարտակերտի մէջ արձանագրուած է 89 ծնունդ, Մարտունիի մէջ՝ 56, Հադրութի մէջ՝ 13, Քաշաթաղի մէջ՝ 15 եւ Շահումեանի մէջ՝ 6: