Աղբիւր՝ www.asbarez.com

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեշ հանդիպում մը ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրաբ Մնացականեանի հետ. ընթացքին, ան ընդգծած է, որ շատ տպաւորուած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութեամբ եւ անոր յաջորդած փոփոխութիւններով։

Կիւթերեշ նաեւ շեշտած է, որ ՄԱԿը պատրաստակամ է աջակցելու Հայաստանի զարգացման՝ երկրին համար կարեւորութիւն ներկայացնող շարք մը ասպարէզներու ծիրին մէջ:

Իր կարգին, Մնացականեան նշած է, որ Հայաստան մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ ՄԱԿի մէջ ծաւալուող բազմաբնոյթ համագործակցութեան՝ վերահաստատելով, որ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը մեծապէս շահագրգռուած է աւելիով հարստացնելու համատեղ օրակարգը:

Նախարարը նաեւ ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին ներքաղաքական զարգացումները՝ նշելով, որ կառավարութեան առաջնահերթութիւնները յստակ են. ժողովուրդին կողմէ տրուած լայն լիազօրութեանց հիման վրայ իրականացնել բարեփոխումներու գործընթացը արդարադատութեան, օրէնքի գերակայութեան, ընկերային ու տնտեսական ասպարէզներէն ներս հաւասար հնարաւորութիւններու ընձեռման եւ զեղծարարութեան դէմ պայքարի ոլորտներուն մէջ:

Արտահերթ ընտրութիւններու կազմակերպման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն գծով նախարար Մնացականեան ընդգծած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները պատրաստ են ընտրութիւններուն պատշաճ կազմակերպման համար սերտօրէն համագործակցելու միջազգային գործ-ընկերներու, ներառեալ՝ ՄԱԿի Զարգացման գործակալութեան հետ:

Կիւթերեշ նաեւ վերահաստատած է, թէ այս առումով Հայաստան կրնայ հիմնուիլ ՄԱԿի փորձառութեան ու աջակցութեան վրայ:

Նաեւ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը եւ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարը միտքեր փոխանակած են Հայաստանի մէջ կայանալիք Ֆրանսախօս երկիրներու 17րդ վեհաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն շուրջ: Իսկ անդրադարձ կատարելով Արցախի հիմնախնդիրի կարգաւորման՝ նախարար Մնացականեան վերահաստատած է Հայաստանի յանձնառութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահութեան հովանիին ներքեւ հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ հանգուցալուծմանը՝ աւելցնելով. «Հայկական կողմին համար բանակցային գործընթացին առաջնայնութիւններն են Արցախի կարգավիճակը եւ անվտանգութիւնը»: Բանակցային գործընթացը յառաջ մղելու համար, նախարար Մնացականեան կարեւոր նկատած է խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտի ձեւաւորումը, զինադադարի անշեղ պահպանումն ու յարձակողապաշտ հռետորաբանութենէն հրաժարիլը:

Կողմերը քննարկած են նաեւ ՄԱԿի եւ Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան առընչուող հարցեր եւ անդրադարձած կապերը սերտացնելու համար իրականացուող համատեղ քայլերուն: