Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

Ազրպէյճանական զինուած ուժերը Նախիջեւանի ուղղութեամբ որոշ տեղամասերու մէջ փորձած են դիրքային ամրապնդման ճարտարապետական աշխատանքներ իրականացնել, որուն ի պատասխան Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը պատասխան կրակ բացած են եւ թոյլ չեն տուած թշնամիին կատարել իր ծրագիրը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան:

«Երէկ (շաբաթ, 30 յունիս, «Ա.») երեկոյեան եւ այսօր (կիրակի, 1 յուլիս, «Ա.») առաւօտեան ազրպէյճանական զինուած ուժերը նախիջեւանեան ուղղութեամբ որոշ տեղամասերու մէջ փորձած են դիրքային ամրապնդման ճարտարապետական աշխատանքներ իրականացնել, որուն ի պատասխան Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը պատասխան կրակ բացած են եւ թոյլ չեն տուած թշնամիին կատարել իր ծրագիրը: Հայկական կրակէն ամբողջութեամբ քանդուած եւ այրած է թշնամիին դիրքերէն մէկը: Փոխհրաձգութեան ընթացքին թեթեւ (աննշան) վիրաւորում ստացած է Հայաստանի զինուած ուժերու պայմանագրային զինուոր, 1974-ի ծնունդ Վահագն Բաղդասարեան», «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` կը տեղեկացնէ Յովհաննիսեան: