Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Սարդարապատ, Ապարան… Խախտելով այս աւանդոյթը, շատերը Առաջին Հանրապետութեան օրը քայլերը կ՝ուղղեն Երեւանի քաղաքային պանթէոն՝ յարգելու անկախութեան խորհրդանիշ Արամ Մանուկեանի յիշատակը: Քայլերթի մասնակիցներուն առաջին շարքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանն է, որ վստահ է՝ Արամ Մանուկեանի տեսակը մեր պետական այրերու, գործիչներու համար պէտք է ուղեցոյց ըլլայ։

«Պատմական այդ ժամանակաշրջանին պետութիւն ստեղծելու՝ Առաջին Հանրապետութեան գործիչներու փորձերը շատերը արկածախնդրութիւն կը համարէին»,- կը վստահեցնէ ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան, բայց նուիրումն ու յամառներու պայքարը այդ ցանկութիւնը իրականութիւն դարձուցին:

Առաջին Հանրապետութեան տօնը, այս օրերուն հայրենիք բերած է նաեւ Սփիւռքի մէջ ապրող դաշնակցական շատ գործիչներ: