Աղբիւր՝ www.asbarez.com

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Չորեքշաբթի, 24 Յունուարին, Արցախի խորհրդարանին մէջ, Աշոտ Ղուլեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ արցախահայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի՝ Ղարաբաղեան շարժման 30րդ տարեդարձի տօնակատարութեան կազմակերպման եւ համակարգման պետական յանձնաժողովի հերթական նիստը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ 30ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծրագիրին հիմնական ուղղութիւնները եւ ամփոփուեցան խորհրդանիշի (լոկօ) մրցոյթին արդիւնքները:

Բանալով նիստը՝ Աշոտ Ղուլեան յայտնեց, որ արդէն իսկ տրուած է սկիզբը ձեռնարկներու նախապատրաստական աշխատանքներուն, որոնք չեն սահմանափակուիր միայն Փետրուար ամիսով, այլ կ՛ընդգրկեն ամբողջ 2018 տարեշրջանը եւ կ՛ունենան համաժողովրդային բնոյթ՝ սփռուելով Արցախի ամբողջ տարածքով:

Պետական յանձնաժողովը կ՛առաջարկէ ձեռնարկներու իրականացման թիրախաւորուած եւ նպատակային ծրագիր, որուն իրականացման համար պիտի ներգրաւեն հանրային, քաղաքական եւ գիտական շրջանակները, պաշտպանութեան բանակը, արտաքին աշխարհն ու հայկական Սփիւռքը:

Այնուհետեւ յանձնաժողովի անդամները քննարկեցին եւ ամփոփեցին Ղարաբաղեան շարժման 30ամեակի ձեռնարկներու խորհրդանիշի մրցոյթին արդիւնքները: Մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարի ներկայացումով՝  10-31 Դեկտեմբեր 2017 յայտարարուած մրցոյթին ընթացքին 26 մասնակիցներու կողմէ յանձնաժողովին ուղարկուած է 77 խորհրդանիշի նմոյշներ: Քննարկման ընթացքին յաղթող ճանչցուեցաւ Նինա Շահվերդեանի ներկայացուցած խորհրդանիշը եւ Արմէն Ղուկասեանի պաստառներու նախագիծը:

Ձեռնարկներու ծրագիրով կը նախատեսուի նաեւ յոբելենական յուշամետալի, թեմային վերաբերեալ գիրքերու եւ գրքոյկներու, լուսանկարչական ալպոմի, նամականիշի, վաւերագրական ֆիլմերու, տեսահոլովակներու պատրաստում, հանրապետութեան ամբողջ տարածքին ցուցահանդէսներու, տարբեր մրցոյթներու, մարզական ու մշակութային ձեռնարկներու կազմակերպում:

Յոբելենական ձեռնարկները պիտի սկսին 10-15 Փետրուարի ընթացքին՝ պահպանելով երեսուն տարի առաջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն ժամանակացոյցը: Հանդիսաւոր ձեռնարկները պիտի կազմակերպուին 20 Փետրուարին: Նիստին ընթացքին, յանձնաժողովի անդամները՝ արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան, կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Սերգէյ Շահվերդեան ներկայացուցին համալիր ձեռնարկներու ծիրին մէջ նախատեսուած ոլորտային ծրագիրները:

Ամփոփելով նիստը, յանձնաժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան նշեց, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակուին աշխատանքները յոբելենական ձեռնարկներու բեմագրութիւններուն շուրջ: