Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Հայաստանի տարբեր ոլորտներու զարգացման ուղղուած եւս 5 ծրագիր պիտի իրականացուի Եւրոմիութեան ֆինանսական աջակցութեամբ:

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիթըր Սուիթալսքին եւ քաղաքացիական հասարակութեան հինգ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ Յունուար 19-ին ստորագրեցին հինգ նոր դրամաշնորհային պայմանագիրներ` ուղղուած ժողովրդավարական կառավարման եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտներու բարելաւման:

 Փիթըր Սուիթալսքին նշեց, որ այս ծրագիրները բազմազան են եւ կ՛առնչուին իւրաքանչիւրին: «Եւրոմիութեան պատուիրակութիւնը կը մեկնարկէ հանրային կարեւորութեան հինգ նոր ծրագիր` ուղղուած քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման: Անիկա քաղաքացիները պիտի ներգրաւէ կառավարման եւ մարդու իրաւունքներու ոլորտի տարբեր գործողութիւններու մէջ,-«Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` ըսած է ան` ընդգծելով, որ լիայոյս է, որ այս նոր ծրագիրները պիտի խրախուսեն աւելի մեծ թիւով երիտասարդներու ու հասարակ քաղաքացիներու ներգրաւուելու Հայաստանի մէջ շարք մը կարեւոր հանրային քննարկումներու մէջ:

Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան պիտի տրամադրուի 1.74 միլիոն եւրօ նոր ծրագիրներու համար:

«Այս ծրագիրները կ՛ընդգրկեն բազմազան ոլորտներ` փակ հաստատութիւններու մէջ մարդու իրաւունքներուն առնչուող, կանանց կողմէ ղեկավարուող կազմակերպութիւններուն ու պետական քաղաքականութեան առնչուող հարցեր, պիւտճէի կատարման, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի ծախսերու կրճատման հարցերու»,- ըսած է Սուիթալսքի:

Ան նաեւ նշած է, որ այս ծրագիրները կը նշուին Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ 2017 թուականին Նոյեմբեր 24- ին ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրին մէջ:

Այսպիսով, «Հանրային հայեացք` փակ աշխարհին, փակ հաստատութիւններու մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակի մասին իրազեկման բարձրացում» երկամեայ ծրագիրը կ՛իրականացնեն «Հանրային լրագրութեան ակումբ»-ը եւ «Յանուն հաւասար իրաւունքներու» հասարակական կազմակերպութիւնը:

 «Տեղեկատւութեան մատչելիութիւն եւ հետաքննական լրագրութեան առաւել իրազեկուած քաղաքացիներու համար» ծրագիրը կ՛իրականացուի «Ինֆորմացիայի ազատութեան կեդրոն»-ի եւ Մաասթրիխթի մէջ գործող եւրոպական լրագրութեան կեդրոնին կողմէ:

«ԵՄ-ն քաղաքացիական հասարակութեան. Ուժանիւթի խնայողութիւնը Հայաստանի համայնքներուն մէջ» ծրագիրը երկամեայ նախաձեռնութիւն է, որու նպատակն է ներգրաւել հասարակութեան լայն շերտերը ուժանիւթի արդիւնաւէտութեան վերաբերեալ քաղաքացիական ընկալման վերանայման գործին մէջ որպէս Հայաստանի մէջ աղքատութեան նուազեցման եւ վերացման ուղի:

«Դրական փոփոխութիւն քաղաքացիական հասարակութեան կարողութիւններու հզօրացման միջոցով» ծրագիրը երկամեայ նախաձեռնութիւն է, որ պիտի իրականացուի «Բաց հասարակութեան հիմնարկի օժանդակութեան հիմնադրամ» հայաստանեան մասնաճիւղի եւ «Հանրային քաղաքականութեան հիմնարկ»-ի եւ «Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորում» կազմակերպութիւններուն կողմէ:

 «ԵՄ-ն կանանց համար, տնտեսական հզօրացում ընկերային ձեռնարկութիւններու միջոցով» ծրագիրը նոյնպէս երկամեայ ծրագիր է, որ կ՛իրականացուի Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Մերձաւոր Արեւելքի հիմնադրամի եւ Կանանց զարգացման աղբիւրներու կեդրոնին կողմէ:

«Տեղեկատւութեան ազատութեան կեդրոն»-ի նախագահ Շուշան Դոյդոյեան նշած է, որ մեծապէս կ՛արժեւորէ Եւրոմիութեան հետ համագործակցութիւնը եւ իրարու միջեւ առկայ վստահութիւնը:  «Քաղհասարակութիւնը միշտ ալ պայծառ, նորարական գաղափարներ ունի, ատոր համար ալ ան ստեղծուած է, բայց ցաւօք, երբեմն բաւարար միջոցներ չունի այդ գաղափարները կեանքի կոչելու համար: Ես շատ կարեւոր կը համարեմ այդ վստահութիւնը, որ իսկապէս կրնանք Հայաստանին բերել փոփոխութիւններ»,-ըսած է ան: