Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները կազմակերպելու ընթացքին շեշտը պէտք է դնել յատկապէս հայոց պետականութեան վերականգնման 100-րդ տարեդարձին վրայ. երէկ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ 100-ամեակը նշելու նպատակով Անթիլիասի մէջ ստեղծուած յանձնախումբի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու  գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

«Պարզ է, որ տօնակատարութիւններու գլխաւոր մասը պիտի կեդրոնանայ Առաջին հանրապետութեան ստեղծման վրայ, սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ հայկական հողի վրայ պետականութեան կորուստէն 6 դար ետք վերականգնած է հայկական պետութիւնը, որուն 100-ամեակը  առանձնայատուկ կերպով պէտք է նշել», ըսաւ ան:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակը համահայկական տարողութեամբ նշելու նպատակով Անթիլիասի մէջ  կազմուած է յանձնախումբ մը:

Կիրօ Մանոյեանի համաձայն, թէեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի յանձնաժողովը չունի այն տարողութիւնը, ինչ որ ունէր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին համար ստեղծուած յանձնաժողովը, սակայն պէտք է այս տարեդարձը ըստ արժանւոյն նշուի նաեւ սփիւռքի մէջ, բայց եւ այնպէս, բացի Անթիլիասի մէջ ստեղծուած յանձնախումբէն եւ Դաշնակցութեան կողմէ իրականացուող ձեռնարկներէն, սփիւռքի մէջ այլ ուժեր որեւէ ձեռնարկ չեն կազմակերպեր: Ան յոյս յայտնեց, որ սփիւռքի մէջ գոնէ դեսպանատուներու մակարդակով տօնակատարութիւնը նշուի:

Մանոյեան տեղեկացուց, որ Դաշնակցութիւնը ամերիկեան մեծագոյն քաղաքներուն` Լոս Անճելըսի, Նիւ Եորքի եւ քանատական Թորոնթոյի մէջ այս նիւթով գիտաժողովներ կը կազմակերպէ:

Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկներու տարողութեան` ան նշեց, որ ձեռնարկներու ծրագիրները պիտի  յստականան 2018-ին:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք տարբեր երկիրներու առաջին դէմքեր ներկայ պիտի ըլլա՞ն 100-ամեակին նուիրուած գլխաւոր ձեռնարկին, Մանոյեան յայտնեց. «Որքանով տեղեակ եմ պետական յանձնաժողովի ծրագիրներէն, նման պատկերացում չկայ, որ անպայման առաջին դէմքերը ներկայ պիտի ըլլան: Հաւանաբար, պէտք է հաշուի առնել նաեւ այն հանգամանքը, որ սեպտեմբեր- հոկտեմբեր 2018-ի ամիսներուն Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ 2018-ի Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովը, որուն պիտի մասնակցին շարք մը պետութիւններու առաջին դէմքեր»:

Իր կարգին, «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան կարեւոր նկատեց 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու պատշաճ կազմակերպումը: Ան յայտնեց, որ ոչ պաշտօնական աղբիւրներու մէջ արդէն տեղեկութիւններ կան, որ Մայիսեան հերոսամարտերու հիմնական տարեդարձի օրը` մայիսի 28-ին, Ազրպէյճան որոշած է նշել իր առաջին հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակը: Ան  չբացառեց, որ այդ ձեւով Ազրպէյճան փորձէ ստուերի մէջ ձգել մեր կողմէ իրականացուող ձեռնարկները:

«Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Շահան Գանտահարեան ըսաւ. «Նախատեսուած են յուշակոթողներու բացումներ, իսկ յաջորդ տարուան մարտ ամսուան ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ պիտի կազմակերպուի համաժողով, որուն ընդհանուր նիւթը պիտի ըլլայ Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակը: Համաժողովին պիտի հրաւիրուին Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախի Հանրապետութենէն, ինչպէս նաեւ  սփիւռքէն պետական այրեր, հասարակական ներկայացուցիչներ, գիտնականներ եւ այլք», նշեց Գանտահարեան:

Իսկ Կիրօ Մանոյեան նշեց, որ եթէ Հայաստանի համար 1918-ի մայիսը պետականութիւնը վերականգնելու թուականն է, Ազրպէյճանի համար` լաւագոյն պարագային պետականութեան ստեղծման: Անոր համաձայն, եթէ  նոյն ընթացքին Վրաստանն ու Ազրպէյճանը նշեն այդ տօնակատարութիւնը եւ տարբեր երկիրներու առաջին դէմքերու  մակարդակով հիւրեր հրաւիրեն, ապա Վրաստանի հրաւէրը աւելի ընդառաջում կ՛ունենայ, քան Ազրպէյճանինը: