Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Միջազգային իրաւապաշտպան Amnesty International կազմակերպութեան տպագիր պաշտօնաթերթը` Amnesty Press-ը, յօդուած մը հրապարակած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ:

Amnesty Press-ի թղթակից Իզապէլլա Ռոզէնկրին այցելած է Արցախ` հանդիպելով տեղի բնակիչներուն եւ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու հետ:

«Ճանապարհը լի է անցքերով, իսկ մէկ կողմը երեք մեթր բարձրութեամբ պատ է: Ատիկա կատարուած է մեզի` մեքենային մէջ գտնուողներս, կրակոցներէն կամ հրթիռակոծութենէն պաշտպանելու համար: Ատրպէյճանը պատին միւս կողմն է»,- կը պատմէ հեղինակը:

Լրագրողը կը նշէ, որ թէեւ 1994-ին կնքուած է հրադադարի պայմանագիր, սակայն, ատկէ ետք ալ կրակոցները չեն դադրած, իսկ 2016-ի Ապրիլին, Ատրպէյճանը ռմբակոծեց խիտ բնակեցուած Մարտակերտի շրջանը, որուն հետեւանքով արձանագրուեցան 1994-էն ետք ամենաարիւնալի մարտերը:

«Ես ցնցուած էի, բառերով չեմ կրնար նկարագրել այն, ինչ զգացի: Կրնա՞ք պատկերացնել, թէ ինչ կը նշանակէ լքել տունդ, մեծ հայրերուդ երկիրը: Յարձակումէն ետք ես սկսայ լալ: Տղամարդուն վայել չէ նման կերպ պահել ինքզինք, սակայն, ես չափազանց վշտացած էի»,- Ռոզէնկրինին պատմած է Վիլեմ Պետրոսեանը` Թալիշի գիւղապետը: Նոյն այդ գիւղն էր, որ ենթարկուեցաւ ատրպէյճանական կողմի ռմբակոծման 2016 Ապրիլ 2-ի գիշերը:

Amnesty Press-ի թղթակիցը կը պատմէ, որ Ատրպէյճանի յարձակման հետեւանքով դատարկուած Թալիշի մէջ այժմ աշխատանքներ կ՛իրականացուին տուներու ու ենթակառուցուածքներու վերականգնման ուղղութեամբ: Ան կ՛ընդգծէ, որ թէեւ տեղի բնակիչները մեծ ցնցում ապրած են ապրիլեան դէպքերէն ետք, սակայն, անոնք այսօր կը փորձեն վերադառնալ բնականոն կեանքին:

«Պատերազմի հերոս Մոնթէ Մելքոնեանը ըսած է, որ եթէ մենք կորսնցնենք Արցախը, մենք կը շրջենք մեր պատմութեան վերջին էջը: Ես կ՛ըսեմ նոյնը Թալիշի համար: Գիւղի նախկին բնակիչները ամէն օր կու գան` տեսնելու, թէ ինչ եղած է իրենց տուներուն ու դաշտերուն: Ես կը հասկնամ, որ հոգեբանական արգելք կայ, սակայն, կը կարծեմ, որ ժամանակը պիտի բուժէ բոլոր վէրքերը եւ գրեթէ բոլորը պիտի վերադառնան»,- ըսած է Թալիշի մէջ կառավարութեան ներկայացուցիչ Լեւոն Ապրեսեան, որ կը հետեւի գիւղին մէջ իրականացուող աշխատանքներուն:

Լրագրողին հետ զրոյցի ընթացքին, Արցախի նախագահի խորհրդական Տիգրան Աբրահամեան նշած է, որ ոչ ոք կ՝ուզէ պատերազմ եւ կորուստներ: «Ատրպէյճանի մէջ հայատեացութիւնը բացասական ազդեցութիւն կը գործէ խաղաղութեան գործընթացին վրայ: Ատրպէյճանական կողմը չ՝ուզեր աւելցնել սահմանին դիտորդներու թիւը, անոնք ակնյայտօրէն ցոյց կու տան, որ կ՝ուզեն շարունակել պատերազմը: Վերջին ամիսներուն անոնք շատ բուռն եղած են` շիկացնելով մթնոլորտը: Պատերազմը չէ սկսած երէկ ու պիտի չվերջանայ վաղը. այստեղի բնակիչները ատիկա շատ լաւ կը հասկնան»,- ըսած է Աբրահամեան: