Աղբիւր՝ www.asbarez.com

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Օգոստոս 28ին պաշտօնական յայտարարութիւն մը տարածած է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի նոր համանախագահ Էնտրու Շոֆըրի նշանակման առթիւ:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ ամերիկացի նոր միջնորդը եւրոպական երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ դիւանագիտական հարուստ փորձառութիւն ունի, եւ մինչեւ համանախագահի պաշտօնին անցնիլը՝ ստանձնած է դիւանագիտական պատասխանատու զանազան պաշտօններ։

«Միացեալ Նահանգներ կը շարունակէ վճռականօրէն աջակցիլ Մինսկի գործընթացին՝ յանձնառու մնալով ղարաբաղեան խնդիրիՆ տեւական եւ խաղաղ հանգուցալուծում գտնելու նպատակով կողմերուն օգնելու ջանքերուն։ Ինչպէս նշուած է Յունիս 19ի եւ Յուլիս 6ի յայտարարութիւններուն մէջ, Ամերիկա կ՛աջակցի տագնապին արդար կարգաւորման, որ պէտք է հիմնուած ըլլայ միջազգային իրաւունքի (ներառեալ՝ Հելսինքեան որոշումին) եւ մասնաւորապէս ուժի չկիրառման, տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնորոշման սկզբունքներուն վրայ», նշուած է յայտարարութեան մէջ: