Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Դէպի Հայաստան ներգնայ զբօսաշրջիկներուն թիւը, 2017-ի առաջին կիսամեակին ընթացքին, կազմած է 622,381, որ 24.2 տոկոսով աւելի է նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշէն:

Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ այսօր կայացած ասուլիսի մը ընթացքին, ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ Մեխակ Ապրեսեան ըսած է, որ Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման էապէս կը նպաստեն նաեւ փառատօնները:

«Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ իրականացուող փառատօնները ոչ միայն իւրովի հետաքրքրական զբօսաշրջային արդիւնք են, նաեւ հարթակ են, որպէսզի զբօսաշրջութեան միւս ձեւերը եւս զարգանան եւ ներկայացուած ըլլան այդ հարթակին մէջ»,- ըսած է ան։

Ապրեսեանի խօսքով` Հայաստանի մէջ ներգնայ զբօսաշրջային աճ ապահովող հիմնական շուկաներն են Ռուսիան, Վրաստանը, Իրանը, եւրոպական երկիրները: «Այս տարի հետաքրքրական շաժ կայ Չինաստանէն, Ծոցի երկիրներէն, Ճափոնէն: Մեզի նոր կը բացայայտեն Քորէան, Ֆիլիբինները»,- ¬ըսած է ան:

Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալը նշած, որ վերջին տարիներուն մեծ է հետաքրքրուածութիւնը նաեւ լատինաամերիկեան երկիրներէն: «Համաշխարհային շուկայի մէջ դէպի Հայաստան այցերը տարուէ տարի կ՝աւելնան: Զբօսաշրջիկներու 98 տոկոսը գոհ կը հեռանայ այստեղէն»,¬- ըսած է ան:

Մեխակ Ապրեսեանը նաեւ աւելցուցած է, որ հայաստանցի զբօսաշրջիկները այս տարի եւս, իրենց հանգիստը, մեծ մասամբ, նախընտրած են անցնել ծով ունեցող երկիրներու մէջ: