Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Արցախի անվտանգութեան ապահովման գործով ուշադրութիւն գրաւած խումբ մը զինծառայողներ ստացած են գումարային նուէրներ. օգնութեան ընդհանուր պիւտճէն 15 հազար տոլար է:

Այս մասին, դիմատետրի իր էջին, արձանագրութիւն կատարած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Տիգրան Աբրահամեան:

«Որուն նախաձեռնութեամբ այդ գումարները յատկացուեցան, չհամաձայնեցաւ հրապարակել իր անունը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս անցեալ ամսուան նմանատիպ նախաձեռնութեան ժամանակ եւ ատոր նախորդող բոլոր ժամանակներուն, բայց տեղեկացուց, որ յառաջիկային եւս զինուած ուժերու մէջ կ՝ակնկալուին նոր նախաձեռնութիւններ»,- գրած է Տիգրան Աբրահամեան: