Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Մշակութային ժառանգութեան տարածքներու պահպանութեան հարցերով Վրաստանի ազգային գործակալութիւնը Ախալքալաքի շրջանի Կորխ գիւղին մէջ գտնուող Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցիին շնորհած է մշակութային ժառանգութեան յուշարձանի կարգավիճակ: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը՝ վկայակոչելով Jnews.ge-ը։

Կարգավիճակը տրուած է Մշակութային ժառանգութեան պահպանման ազգային գործակալութեան տնօրէն Նիկոլոզ Անթիձէի հրամանով, Յունիս 30-ին:

Վրաստանի մշակութային ժառանգութեան գործակալութեան կայքին մէջ տեղ գտած տեղեկատւութեան համաձայն՝ Սբ. Ստեփան Եկեղեցին կը գտնուի գիւղի հիւսիս-արեւելեան կողմէ: Կառուցուած է տասնիններորդ դարուն վերջը, տուֆէ: Մուտքը` արեւելքէն է:

Նախապէս արեւելեան եզրին կը գտնուէր զանգակատունը: Եկեղեցւոյ ճակատամասը զարդարուած է շրջանակեայ դռներով, իսկ արեւելեան ճակատամասը որմնասիւներով, միաւորուած քիվերով եւ խոշոր խաչերով: Իբրեւ ներքին կահաւորանք՝ եկեղեցւոյ բեմի որմնասիւներուն ներկայացուած են հրեշտակներու պատկերներ: Նման նկարներով եւ խաչերով զարդարուած են որմնախորշը եւ մկրտութեան աւազանը: Արեւելեան պատի որմնասիւներուն մօտ կառուցուած են գերեզմանաքարեր ուշ միջնադարի նկարներով:

Եկեղեցւոյ հարաւ-արեւմտեան անկիւնը առանձնացուած են հայկական շինարարական մակագրութիւն ամսաթիւով: Եւս երկու արձանագրութիւն եղած է մկրտարանի խաչին շուրջ: Եկեղեցւոյ հիւսիս-արեւելեան անկիւնի շինարարութեան համար օգտագործուած է վաղ միջնադարեան սիւնը: