Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Գունազարդ տօնը այս տարի կայացաւ Յուլիս 16-ին Հանրապետութեան հրապարակի վրայ։ Երեւանեան «Գունազարդ վազք»-ին մասնակցեցաւ մօտ 2000 մարդ: Ընդլայնուած էր մասնակիցներու աշխարհագրութիւնը․ 2017-ին առաջին անգամ ըլլլալով վազքին մասնակցեցան Չինաստանէն, ԱՄԷ-էն եւ այլ երկիրներէ, կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը:

«Այս տարի փոփոխութիւնները շատ են. առաջին անգամ կ՛իրականացնենք Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, ընդլայնուած են բարեգործական ծրագիրները, ինչպէս նաեւ շատցած է մասնակիցներուն թիւը: Մասնակիցները տարբեր տարիքի են, կան մինչեւ 55 տարեկաններ, նոյնիսկ 14 տարեկանէն փոքր երեխաներ, որոնց մասնակցութիւնը նախօրօք համաձայնեցուցած ենք ծնողներուն հետ»,- ըսած է նախագիծին հիմնադիր-նախագահ Ղազար Յակոբեան ու աւելցուցած, որ փորձած են միաւորել մարդոց վազքի շուրջ, զարգացնել մարզական զբօսաշրջութիւնը:

Անոր խօսքով` մասնակիցներուն թիւը տարիէ տարի կ՛աճի, որ կը նշանակէ, թէ իսկապէս հետաքրքրութիւն կայ այս նախաձեռնութեան նկատմամբ: Միւս տարիներուն պիտի փորձեն աւելի ու աւելի հետաքրքրական դարձնել տօնը:

Միլենա Խաչատրեան 2-րդ տարին է, որ կը մասնակցի«Գունազարդ վազք»-ին` պարային խումբի ընկերներուն հետ: «Հաճելի է տեսնել, որ մարդիկ այսքան աշխոյժ են: Կը կարծեմ` մարզանքը շատ կարեւոր է: Ոգեւորիչ է նաեւ այն փաստը, որ հասոյթը պիտի ծախսուի բարեգործական նպատակով»,-ըսած է ան:

Նախ կատարուեցաւ մասնակիցներու հաւաքագրումը, այնուհետէեւ ֆիթնես-նախավարժանք, վազք եւ լաւագոյն 6 վազորդներու պարգեւատրում: Վազքուղին 5 քմ․էր` Հանրապետութեան հրապարակէն Վազգէն Սարգսեան, Իտալիոյ, Պէյրութի, Ամիրեան փողոցներ, Մաշտոցի պողոտայ, Իսահակեան, Նալբանդեան փողոցներով մինչ Հանրապետութեան հրապարակ:

Յաղթող տղաներուն անուններն են Մելիքսէթ Կարապետեան, Անդրանիկ Մարգարեան, Մհեր Մաշումեան: Աղջիկներէն 3-րդը Էլեն Յովհաննիսեանն էր, 2-րդը` Կարինէ Աւետիսեան, իսկ առաջինը  Սառա Ֆանթէյն` Նիւ Եորքէն:

Սառան, նման վազքերու շատ մասնակցած է, բայց այս մէկը իր ամենասիրելին է: «Հայաստանի մէջ առաջին անգամ կը վազէի եւ իսկապէս շատ զուարճացայ: Մասնակցելու համար խորհուրդ տուած էին գործընկերներս, որոնք մասնակցած էին նաեւ նախորդ տարի: Ինծի շատ հաճելի էր գոյները, մարդիկ: Յաջորդ տարի անպայման նորէն պիտի մասնակցիմ»,-ըսած է Սառան:

Յաղթողներուն համար նուէրներ  պատրաստած էին նախաձեռնութեան հովանաւորները, իսկ Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէն նուիրեց զբօսաշրջային փաթեթ: Ատոր յաջորդեց գունային ու երաժշտական հրավառութիւն։