Աղբիւր՝ www.asbarez.com

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Եւրոխորհրդարանը Սթրազպուրկի մէջ գումարած իր լիագումար նիստին ընթացքին, ձայներու 457 կողմ, 124 դէմ եւ 66 ձեռնպահ համեմատութեամբ վաւերացուց բանաձեւ մը՝ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 72րդ նստաշրջանին կապակցութեամբ յղուելիք առաջարկներուն մասին:

Բանաձեւը կ՛անդրադառնայ մարդկային իրաւունքներուն, միջազգային ապահովութեան, ինչպէս նաեւ գոյութիւն ունեցող հակամարտութիւններուն վերաբերեալ շարք մը հարցերու: Պաքուի ջանքերով, բանաձեւի քննարկման վերջին փուլին առաջարկուած էր Արցախի հակամարտութեան վերաբերեալ միակողմանի կէտեր ներառնել, առանձնացնելու համար տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անքակտելիութեան սկզբունքները, միաժամանակ դուրս պահելով ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքները:

Այնուամենայնիւ, Հայաստանի ներկայացուցչութեան գործադրած ջանքերուն շնորհիւ, կարելի եղած է տապալել այս նախաձեռնութիւնը. իբրեւ արդիւնք, բանաձեւի վերջնական օրինակին մէջ ամրագրուած են Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը, ինչպէս նաեւ ուժի չկիրառման սկզբունքը:

Յատկանշական է, որ լիագումար նիստին տեղի ունեցած քուէարկութեան ընթացքին, Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ամրագրելու շուրջ հայկական կողմի նախաձեռնութիւնը ստացած է Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներուն բացարձակ մեծամասնութեան ձայները: