Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

ԼՂ-ն ոչ մէկ ձեւով հնարաւոր չէ վերադարձնել Ատրպէյճանին: Այդ մասին կ՛ըսուի haqqinaz.com կայքին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ, կը գրէ Yerkir.am-ը:

Յօդուածագիրը կը նշէ, որ տարիներու ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղ լիարժէք պետութիւն դարձած է, նոյնիսկ` պարբերաբար նախագահական ընտրութիւններ կ՛իրականացնուին: Իսկ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու այն յայտարարութիւնները, թէ Ղարաբաղը պիտի վերադարձուի ուժով, առողջ մտածելակերպով մարդոց դառն ծիծաղ կ՛առաջացնէ:

«Վերջին 15 տարիներու ընթացքին ղեկավարութիւնը կը պնդէ, որ Ատրպէյճան ռազմական, տնտեսական առումով աւելի հզօր է բնական հարստութիւններ չունեցող Հայաստանէն: Սակայն պատմութեան մէջ չկան օրինակներ, երբ թոյլ, քիչ քանակութեամբ մարդկային ներուժ ունեցող երկիրը կը գրաւէ իրմէ հզօր հարեւանի տարածքին մէկ չորրորդ մասը: Նման օրինակներ չկան եւ չեն կրնար ըլլալ: Եթէ կայ ուժ, ռազմական հզօրութիւն, ապա ի՞նչն  է այս տարիներու ընթացքին խանգարել գոնէ ազատել Լեռնային Ղարաբաղին կից տարածքները»,- կը գրէ յօդուածագիրը:

Ան հարց կու տայ` ինչո՞ւ համար կը զոհուին ատրպէյճանցի զինուորները: «Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը պատրաստ չէ մեծ պատերազմի, ոչ մէկ պատերազմի: Պատերազմի պարագայի բանակը, որ իր կազմով ժողովրդական է, կրնայ ոգիով ալ ժողովրդական դառնալ, իսկ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը ամէնէն շատ կը վախնայ ժողովուրդի համախմբումէն, ժողովրդական շարժումէն»,- կ՛ըսուի յօդուածին մէջ:

Յօդուածագիրը կը նշէ, որ Ալիեւ միայն ցոյց կու տայ, թէ մտադիր է լուծելու Ղարաբաղեան խնդիրը, վերադարձնելու տարածքները, եւ սահմանին սրացումները, հրաձգութիւնը, մարտական գործողութիւնները միայն այն բանի համար են, որ ցոյց տան ժողովուրդին, թէ Ալիեւ զբաղած է այդ հարցով եւ շուտով զայն պիտի լուծէ:

Յօդուածագիրը կ՛աւելցնէ, որ Ալիեւ աւագը գիտակցած է, որ Ղարաբաղը երբեք չի վերադարձուիր, երբ ստորագրած է հրադադարի մասին փաստաթուղթը: «Լեռնային Ղարաբաղը այլեւս հնարաւոր չէ վերադարձնել: Ատրպէյճանին պէտք է վերադարձնել հայերու կողմէ «անվտանգութեան գօտի» յայտարարուած շրջանները եւ շարունակել առաջ շարժիլ: Տարածքային կորուստներ ունեցած են տարբեր պետութիւններ, նոյնիսկ՝ ուժեղ եւրոպական: Տարածքի կորուստը պատմութեան վերջը չէ: Իսկ հայաբնակ Լեռնային Ղարաբաղի պարագային ատիկա նոյնիսկ ողբերգութիւն չէ, այլ ծանր հիւանդութեան աւարտ»,- կ՛եզրափակէ յօդուածագիրը: