Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Այս տարուան առաջին եռամսեակին Արցախի մէջ ծնած է 515 երեխայ, որոնցմէ 263-ը` տղայ, 252-ը` աղջիկ:

Արցախի առողջապահութեան  նախարարութեան  մամլոյ  ծառայութեան  փոխանցմամբ` միայն 400 երեխայ ծնած է Ստեփանակերտի «Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոն»-ին մէջ: Առաւելագոյն ծնունդներ շրջաններէն արձանագրոած է Մարտակերտի մէջ` 55 երեխայ,  Մարտունիի մէջ` 30, Քաշաթաղի մէջ` 21, Հադրութ, Շուշի եւ Շահումեան շրջաններուն մէջ` համպատասխանաբար 3-ական երեխաներ:

Երեք ամիսներու ընթացքին Արցախի մէջ արձանագրուած է 6 զոյգ` Ստեփանակերտի «Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոն»-ին մէջ, (բեղմնաւորուած են բնական ճանապարհով):