Աղբիւր՝ www.yerkirmedia.am

Yerkir.am- Մէկ տարի է անցել ապրիլեան պատերազմից, մէկ տարին բաւական ժամանակ է` խորհելու, սխալները վերհանելու համար: Ի՞նչ սովորեցրեց նոր պատերազմը մեզ, ի՞նչ դասեր պէտք է քաղել դրանից: Այս եւ այլ հարցերի շուրջ Yerkir.am-ի լրագրողն Անթիլիասում զրուցել է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Առաջինի հետ:

— Վեհափա′ռ Տէր, նախորդ տարի Դուք Արցախում էիք, ինչպիսի՞ն տեսաք նոր պատերազմի բովով անցած երկիրը:

— Ես Արցախի ապրիլեան պատերազմէն շաբաթ մը յետոյ հոն էի, տեսայ մեր ժողովուրդը, մեր հերոս տղաքը: Ես իրապէս կը գնահատեմ մեր հերոսները, մեր զինւորները, որոնք իրենց արեան գնով պաշտպանեցին մեր հողը, մեր իրաւունքը, Ղարաբաղի անկախութիւնը: Մենք պիտի գիտակցինք, որ Հայաստանը, Ղարաբաղը շրջապատւած են ոչ բարեկամ երկիրներով: Այսպէս եղած է Հայաստանը` որպէս կռվախնձոր պատմութեան ընթացքին, հարաւէն, հիւսիսէն, արեւելքէն, արեւմուտքէն միշտ հարւածած են մեզ, փորձած են ընկճել մեր ժողովուրդը: Սակայն պատմութեան պարտադրած փոթորիկներուն դիմաց մեր ժողովուրդը մնացած է կանգուն: Նոյնիսկ Եղիշէ պատմիչին բառերով` իմացեալ մահով մեր ժողովուրդն իր հայրենիքը, իր ինքնութիւնը պահած է:

Արդարօրէն Ղարաբաղը կը նկատւի թուրը Հայաստանին, Ղարաբաղի անկախութեան պահպանումը կը նկատւի Հայաստանի ամրապնդման նախապայմանը, Հայաստանի գոյութեան առանցքը, հիմքը, հետեւաբար` ամէն գնով մենք պէտք է Ղարաբաղի ամբողջականութիւնը, անկախութիւնը, մեր ժողովրդի իրաւունքները պահենք, պաշտպանենք եւ հզօրացնենք:

— Ի՞նչ սովորեցրեց ապրիլեան պատերազմը մեզ:

—Մեր մօտեցումը զգացական պէտք չէ ըլլայ: Ղարաբաղի չորսօրեայ պատերազմը մեզի համար արթնութեան կոչ մըն էր` արթուն եղիր, ժողովո'ւրդ հայոց, գիտցիր` որոնք են քու բարեկամներդ, որոնք են քու թշնամիներդ: Այսօր քաղաքականութեան մէջ մենք պէտք է իրատես ըլլանք: Քաղաքական յարաբերութիւնները բարեկամութեան վրայ հիմնւած չեն, այլ շահերու վրայ հիմնւած են: Մարդիկ Ղարաբաղին կամ Հայաստանին կամ մեր ժողովրդի իրաւունքներուն կը մօտենան` իրենց շահերէն մեկնած եւ ոչ թէ մեր շահերէն, ոչ թէ փոխադարձ բարեկամութենէն, հետեւաբար` աշխարհաքաղաքական պայմանները պէտք է ճիշտ կերպով տեսնենք, ուսումնասիրենք եւ կողմնորոշւինք, այլապէս մենք տագնապալից կացութիւնններու դիմաց կրնանք գտնւիլ` թէ' որպէս Հայաստան, թէ' որպէս Ղարաբաղ:

Մեր դիւանագիտական յարաբերութիւնները պէտք է աւելի զօրացնենք, ընդարձակենք ու ծաւալենք եւ քայլ պահենք նաեւ թէ' միջազգային մակարդակի վրայ, թէ' մեծ պետութիւններուն հետ, թէ' նաեւ շրջանային գերուժերու հետ, հետեւաբար` զինւորական երեսը շատ կարեւոր է անկասկած:`: Չի բաւէր միայն ունենալ հերոս տղաք, որոնք պատրաստ են իրենց արիւնը թափել Հայաստանին համար, Արցախին համար, սա կարեւոր է, մեր մեծագոյն զէնքը սա է, սակայն այս զէնքին առընթեր մեր բանակի հզօրացումը շատ կարեւոր է, եւ սա մեր առաջնահերթ պարտաւորութիւնը պէտք է ըլլայ: Բանակի հզօրացմանն առընթեր մեր միջազգային յարաբերութիւնները, դիւանագիտական, քաղաքական կապերը կը նկատեմ շատ կարեւոր, հետեւաբար` այս երկուքին ամբողջացումը կարծեմ, թէ մեծապէս օգտակար կրնայ ըլլալ թէ' Հայաստանի եւ թէ' Ղարաբաղի համար: Եւ այդ ծիրէն ներս Սփիւռքը կարեւոր դեր ունի:

— Ապրիլեան դէպքերից յետոյ հայկական Սփիւռքն էապէս մեծացրել է ուշադրութիւնն Արցախի նկատմամբ, միայն Սփիւռքի դերակատարումը բաւարա՞ր է Արցախի միջազգային ճանաչման գործընթացում առաջընթաց արձանագրելու համար:

— Յաճախ ես շեշտած եմ, որ Սփիւռքն իր դերակատարութիւնը պէտք է աւելիով կ'ատարէ` ամէն իմաստով, սակայն միաժամանակ չմոռնանք, թէ Հայաստանին մէջ ալ մեծահարուստներ կան, Հայաստանին մէջ շատ աւելի մեծահարուստներ կան, քան Սփիւռքին մէջ, հետեւաբար` Հայաստանի մեծահարուստներն առաջին հերթին իրենք բարի օրինակը պէտք է ըլլան` Հայաստանի ու Ղարաբաղի հզօրացման բերելով իրենց ամբողջական նպաստը: Կ'ակնարկեմ նիւթական նպաստը: Հայաստան, Սփիւռք եւ Ղարաբաղ, բնականաբար, ես կընդունիմ որպէս մէկ ամբողջութիւն, եւ այդ մէկ ամբողջութեան ծիրէն ներս մենք պիտի գիտնանք` ինչպէս աշխատանքի բաժանում կատարել, եւ մէկ յստակ նպատակ պէտք է ունենանք` Հայաստանի եւ Ղարաբաղի հզօրացումը: