Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

2004 թուականին «Թուֆենկեան» բարեգործական հիմադրամին կողմէ Արցախի հարաւը հիմնադրուած Առաջամուղ գիւղը տարիէ տարի կ՛ընդլայնուի. Ապրիլ 4-ին, առաջամուղցի 6 ընտանիք բնակարանամուտ տօնած է, կը հաղորդէ «Ապարաժ»-ը:

«Առաջամուղը ռազմավարական կարեւորութիւն ունի Արցախի համար: Ուստի մեր յետագայ քայլը դպրոցի վերակառուցումն ու բուժկէտի շէնքի կառուցումը պիտի ըլլայ»,- ըսած է Թուֆենկեան հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեան եւ յոյս յայտնած, որ տարիներ ետք նորակառոյց գիւղը վերածուի քաղաքի:

Տան բանալիները տանտէրերուն յանձնեցին Սերժ Թանգեան, Արսինէ Խանջեան, Ատոմ Էգոյեան եւ Էրիկ Նազարեան: Վերջիններս երկօրեայ այցով Արցախ կը գտնուին:

Հանրայայտ ամերիկահայ ռոք երաժիշտ եւ երգահան Սերժ Թանգեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ այս օրերու ընթացքին Արցախի մէջ տեղի ունեցած շատ ձեռնարկներու մասնակցած է, սակայն ասիկա ամենազդեցիկն էր:

«Մենք երախտապարտ ենք այս մարդոց, որոնք այստեղ կ՛ապրին»,- նշած է Թանգեան:

«8 տարի առաջ այցելած եմ Արցախ եւ այդ տպաւորութիւններն են՝ զիս այսօր այստեղ բերած են։ Այս անգամ ես ետ կ՛երթամ նոր տպաւորութիւններով: Յուսամ, որ սփիւռքահայութիւնը եւս ժամանակ կը տրամադրէ Արցախի հետ ծանօթանալու համար»,- յայտնած է դերասանուհի Արսինէ Խանջեան:

Նորակառոյց 6 տուները կառուցուած են Թուֆենկեան բարեգործական հիմնադրամի ու ԱՄՆ «Արցախ» ֆոնտի ֆինանսաւորմամբ եւ Արցախի կառավարութեան աջակցութեամբ:

«Մենք ուրախ ենք եւ երջանիկ այդ պարտականութիւնը մեր վրայ վերցնելու համար: Արցախը մեր հայ ազգի ուժն է, եւ այն, ինչ մենք ըրած էինք այսօր, նուազագոյնն էր»,- նշած է ԱՄՆ «Արցախ» ֆոնտի ներկայացուցիչ Ռաֆֆի Կիլիեան:

Նազարեաններու ընտանիքը Արարատէն 2013-ին տեղափոխուած է Արցախ: Մինչ այդ տարբեր բնակավայրերու մէջ վարձով կը բնակէին:

«Վերջապէս մեր սեփական տունը ունեցանք: Աշխատանքն ալ խնդիր չէ այստեղ: Քանի որ նախկին զինծառայող եղած եմ, հիմա ալ կը պատրաստուիմ վերադառնալ զինուորական գործիս, բայց` արդէն Արցախի մէջ»,- կ՛ըսէ Նազարեաններուն հայրը:

Այսօր գիւղը 18 նորակառոյց առանձնատուն ունի: Ծրագրի համաձայն, պէտք է կառուցուի եւս 32-ը: Նախատեսուած է նաեւ ընդարձակել գիւղի դպրոցն ու բուժկէտ կառուցել:

«Թուֆենկեան» հիմնադրամի հոգաբարձու Անդրանիկ Գասպարեան նշած է, որ այսուհետեւ Առաջամուղի ծրագիրը պիտի իրականացնէ ԱՄՆ «Արցախ» ֆոնտը:

«Նպատակ ունինք մեր հիմնադրամի ծրագիրներու միջոցով այլ բարերարներու ուշադրութիւնը սեւեռել դէպի Արցախ»,- նշած է Անդրանիկ Գասպարեան եւ աւելցուցած, որ պէտք չէ հպարտանանք մէկ գիւղով,  սահմանամերձ գօտիին մէջ պէտք է 20 նման գիւղ ունենանք:

Այգեստանի մէջ ապրող Նախշուն Յակոբեանի  ընտանիքը քանի մը օր ետք պիտի տեղափոխուի Առաջամուղի իր նոր բնակարան:

«Տուները պատրաստ մեզի յանձնեցին, մենք ալ մեր ընտանիքներով պիտի շէնցնենք այս տարածքը»,- կ՛ըսէ Նախշուն եւ կ՛աւելացնէ, որ լուացքի մեքենայի համար վարկ վերցնելու անհրաժեշտութիւն այլեւս չկայ, քանի որ բնակարանամուտի ժամանակ բարերար մը խոստացած է բոլորին լուացքի մեքենայ, սառնարան ու հեռուստացոյց նուիրել:

Լուսինէ Թեւոսեան