Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Ֆրանսական «Հայ-մեդ» կազմակերպութեան ոտնաբոյժ Մկրտիչ Կարապետեան այսօր Արցախի հանրապետական բժշկական հիւանդանոցին մէջ կ՝իրականացնէ անվճար ընդունելութիւն, խորհրդատւութիւն, ինչպէս նաեւ կը կատարէ վիրահատութիւններ:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ Մկրտիչ Կարապետեան ըսած է, որ ինքը արդէն 6-րդ անգամ ըլլալով Արցախ կ՝այցելէ:

«Մենք այստեղ  ենք, որպէսզի տեղի մեր գործընկերներուն ներկայացնենք վնասուածքաբանութեան վերջին նորութիւնները, ինչպէս  նաեւ հաղորդակցուինք փորձի փոխանակումով»,- նշած է Մ. Կարապետեան:

Արցախի հանրապետական բժշկական հիւանդանոցի վնասուածքաբան Կարէն Դաւթեան, իր հերթին, տեղեկացուցած է, որ արդէն անոր կողմէն հետազօտուած է 50 հիւանդ:

«Ամէն անգամ գալով Արցախ` Մ. Կարապետեան իր ներդրումը կը բերէ. ան անվճար կ՝իրականացնէ հիւանդներու ընդունելութիւն, հետազօտութիւն եւ վիրահատութիւն: Ճիշդ է, մեր հիւանդանոցին մէջ կան վիրահատութիւններու համար սարքեր, պարզապէս  մեզի քիչ մը կը պակսի մասնագիտական փորձը»,-ըսած է Կ. Դաւթեան` յայտնելով, որ Մ. Կարապետեանի կողմէ նախատեսուած է կատարել 5 վիրահատութիւն: