Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Մարտ 12 լոյս 13-ին Արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծին վրայ հակառակորդը, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հրադադարը խախտած է 55 անգամ` հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 550 կրակոց:

ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` սահմանագծի հարաւային ուղղութեամբ ատրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ հաստոցաւոր հակահրասայլային նռնականետ (1 արկ):

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը տիրապետեն մարտավարական իրաադրութեան առաջնագծի վրայ եւ կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել մարտական դիրքերու յուսալի պահպանութիւն: