Աղբիւր՝ www.asbarez.com

ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի իսլամական յեղափոխութեան 38րդ տարեդարձին առթիւ Հինգշաբթի օր հանդիպում ունեցած է Թեհրանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ:

Իրանի նախագահը, անդրադառնալով տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղուած Իրանի ջանքերուն, նշած է. «Այն ատեն, երբ Իրանի հիւսիսը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ Ղարաբաղի բարձունքներուն վրայ բախումներ տեղի կ՛ունենային, Իրան երկու ճակատներու վրայ ալ գործօն ներկայութիւն ունեցաւ, որպէսզի պատերազմի կրակը յանգեցնէ եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատէ»: