Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Հայաստանը երկրորդն է 2017-ին Ռուսիոյ քաղաքացիներուն հանգիստի համար ամենամատչելի ուղղութիւններու ցանկին մէջ, կ՛ըսուի Skyscanner զբօսաշրջային ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:

2-շաբաթեայ հանգիստը Հայաստանի մէջ երկու հոգիի համար կ՛արժէ 1470 տոլար: Գումարը կը ներառէ օդանաւի տոմսի գիները, կեցութիւնը ու սնունդը, ինչպէս նաեւ մշակութային ծրագիրն ու զուարճանքները:

17 ուղղութիւն ներառող ցանկը կը գլխաւորէ Աբխազիան, ուր նոյն ձեւի հանգիստի համար կը պահանջուի 1468 տոլար, 3-րդ տեղը Հնդկաստանն է` 1501 տոլար:

4-րդ եւ 5-րդ տեղերը կը գրաւեն Սերպիան եւ Նեփալը, ուր հանգիստը ռուսերուն համար կ՛արժէ 1564 եւ 1593 տոլար համապատասխանաբար:

Հանգիստի համար ամենամատչելի երկիրներու ցանկին մէջ ներառուած են նաեւ Հունգարիան, Վրաստանը, Վիեթնամը, Ռումանիան եւ Պուլկարիան: Վերջին` 17-րդ տեղը Քուպան է, ուր հանգիստը երկու զբօսաշրջիկներու համար կ’արժէ 2820 տոլար:

Երէկ յաղորդած էինք, որ բրիտանական յայտնի Momondo որոնողական համակարգը Երեւանը ներառած է 2017 թուականի մատչելի զբօսաշրջային քաղաքներու շարքին: Յօդուածին մէջ ընտրուած են 2017-ի 12 ամսուան համար այցելութեան նախընտրելի քաղաքները: Երեւան այցելելու համար խորհուրդ կը տրուի ընտրել Յունիս ամիսը: