Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

Ռուսիոյ Պետական տումայի երեսփոխան, պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբի նախկին փոխնախագահ Վիքթոր Վոտոլացքի «Թերթ»-ին յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը այն մտացածին իրավիճակն է, որ ձեռնտու է Արեւմուտքին:

«Որեւէ տագնապ, որ գոյութիւն ունի յետխորհրդային տարածքին մէջ, պէտք է, անհրաժեշտ է Եւրոպական Միութեան, ՕԹԱՆ-ին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան: Երբ բանակցութեան սեղանին վրայ կը նստին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները, այդ ժամանակ այդ ուժերը որեւէ ձեւով չեն արտօներ լուծման, հանգուցալուծման տարբերակներ գտնել», նշած է Վոտոլացքի:

Ռուս երեսփոխանը անհամաձայն գտնուած է այն նշումին, թէ Արեւմուտքէն ալ կարծիքներ կը հնչեն, որ ինքնին Ռուսիան է, որ կը փորձէ խոչընդոտել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը, որովհետեւ հակառակ պարագային պիտի կորսնցնէ իր ազդեցութիւնը շրջանին մէջ: «Ռուսիան հետաքրքրուած է մէկ բանով, որ Հարաւային Կովկասը խաղաղ պայմաններ ունենայ: 90-ականներուն, երբ կողմերը կը կրակէին իրարու վրայ, ռուս զինուորներ ալ կը մահանային:

«Ռուսիոյ համար ձեռնտու է, որ յետխորհրդային երկիրներուն մէջ տագնապներ չըլլան, որովհետեւ այդ երկիրներուն հետ մենք տնտեսական եւ ապահովական շահեր ունինք: Մենք կ՛ուզենք, որ պատերազմը աւարտի եւ Լեռնային Ղարաբաղը չըլլայ կռուախնձոր: Ի՛նչ փոփոխութիւն ալ ըլլայ, Լեռնային Ղարաբաղը այլեւս Ազրպէյճանի մաս չի կրնար դառնալ»: