Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Ապրիլէն ետք Տաւուշի ուղղութեամբ հակառակորդը հրադադարը գրեթէ չէ խախտած: Այս մասին Tert.am-ի հետ զրուցի ընթացքին նշած են Տաւուշի մարտական յենակէտերէն մէկուն մէջ հերթապահող պայմանագրային զինծառայողներ Վարդան Սարուխանեանը, Գրիգոր Ներսիսեանը, Արման Մարտիրոսեանը:

Զինծառայողներուն խօսքով` լարուածութեան նուազումը պայմանաւորած է նախապէս հայկական կողմի տուած պատասխանով:

«Հրադադարի ռեժիմը խախտելուց համապատասխան պատասխանը ստացել է, ու շատ կարճ ժամանակահատուածում լռեցուել է, հարկ եղած դէպքում` պատժուել: Հիմա էլ զգօնութիւնը չենք կորցնում. ամէն պահ պատրաստ ենք, լիովին տիրապետում ենք սահմանային իրադրութեանը»,-վստահեցուցած են անոնք:

Զինծառայողներուն խօսքով` իրենք պիտի շարունակեն խաղաղութիւն պարտադրել, իսկ ատոր համար անհրաժեշտ ամէն ինչ կայ` զէնք, զինամթերք, մարտական ոգի:

Զինծառայողները հասարակութեան յորդորած են չհաւատալ այն խօսակցութիւններուն, թէ բանակին մէջ զինամթերքի, զէնքի խնդիրներ կան: