Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Freedom House միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը Հայաստանը դասած է ազատ համացանց ունեցող երկիրներու շարքին: Այդ մասին ըսուած է կազմակերպութեան «Համացանցի ազատութիւնը – 2016» զեկոյցին մէջ, կը գրէ Թերթ․ամ-ը:

Հայաստանը հաւաքած է 30 միաւոր: Համացանցի հասանելիութեան խոչընդոտը գնահատուած է 25-էն 6 միաւոր, բովանդակութեան սահմանափակումները` 35-էն 10 միաւոր, օգտատէրերու իրաւունքներու խախտումները` 40-էն 14 միաւոր: Անցած տարի Հայաստանը հաւաքած էր 28 միաւոր:

Վրաստանը հաւաքած է 25 միաւոր` նոյնպէս ընդգրկուելով ազատ համացանց ունեցող երկիրներու շարքին, Ատրպէյճանը` 55 միաւոր` ընդգրկուելով մասամբ ազատ համացանց ունեցող երկիրներու ցանկին մէջ: Ռուսիան ստացած է 65 միաւոր, իսկ Թուրքիան` 61 միաւոր: Այս երկիրները ընդգրկուած են ոչ ազատ համացանց ունեցող երկիրներու ցանկին մէջ:

Զեկոյցին համաձայն` Հայաստանի տարածքին համացանցի տարածումը 58 տոկոս է: Ոչ ազատ գնահատուած է համացանցի մէջ մամուլի ազատութիւնը:

Ինչպէս կը նշուի զեկոյցին մէջ` ընթացիկ տարուայ մէջ համացանցի ազատութիւնը հիմնականօրէն պահպանուած է` հակառակ Հայաստանի ընդհանուր կարգավիճակը որոշ չափով յետընթաց արձանագրած է` Երեւանի մէջ բողոքի ցոյցերու ժամանակ ուղիղ եթեր հեռարձակող լրագրողներուն վրայ ոստիկանութեան յարձակումներէն ետք:

Հետազօտութիւնը իրականացուած է 65 երկրի մէջ, անիկա կ՛ընդգրկէ 2015 թուականի Յունիսէն մինչեւ 2016 թուականի Մայիս ժամանակաշրջանը: Հետազօտութեան արդիւնքներուն համաձայն` համացանցի ազատութեան հետ կապուած ամենավատ վիճակը Չինաստանի, Սուրիոյ եւ Իրանի մէջ է:

Ոչ ազատ համացանցով երկիրներու ցանկին մէջ յայտնուած եւս 17 երկիր, որոնց մէջ` Եգիպտոսը, Պելառուսիան, Ղազախիստանը, Սուտանը, Ռուսիան, Փաքիստանը եւ Վիեթնամը: Այդ երկիրներուն մէջ, կազմակերպութեան տուեալներով, հիմնականօրէն գրաքննութեան կ՛ենթարկուի տեղի իշխանութիւններուն ուղղուած քննադատութիւնը, իսկ ընկերային ցանցերու մէջ հրապարակումներու կամ «լայքերու» (հաւանութիւններու) համար կրնայ սպառնալ ազատազրկում: Ընդհանուր առմամբ, ոչ ազատ համացանցով երկիրներուն մէջ կ՛ապրի համացանցի օգտատէրերուն 67 տոկոսը: Անցած տարի այդ ցուցանիշը կազմած է 61 տոկոս:

Իրաւապաշտպաններու կարծիքով ` աշխարհի 28 երկիրներու մէջ համացանցը մասամբ ազատ է, եւս 17-ի մէջ գրաքննութիւնը գրեթէ կը բացակայի:

Համացանցի ազատութեան առաջատար հնգեակին մէջ յայտնուած են Էսթոնիան, Իսլանտիան, Գանատան, ԱՄՆ-ն եւ Գերմանիան: Այս ցանկին մէջ յայտնուած են նաեւ Վրաստանը եւ Հայաստանը: