Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի ղեկավարութեամբ 8 նոյեմբերին տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահին առընթեր սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբի  հերթական նիստը, կը յայտնեն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի լրատուական ծառայութենէն:

Ամփոփելով վերջին շաբթուան ընթացքին կատարուած աշխատանքները` Աշոտ Ղուլեան նշած է, որ սահմանադրութեան նախագիծը պատրաստ է հանրութեան ներկայացնելու համար: Մասնագիտական յանձնախումբի նախագահը ընդգծած է, որ փաստաթուղթը մշակուած է հանրապետութեան նախագահի համաձայնութեան արժանացած հայեցակարգի շրջագիծին մէջ:

«Սահմանադրութեան հրապարակուող նախագիծը աշխատանքային տարբերակ է: 10 նոյեմբերին կը սկսի հանրային քննարկումներու շարքը`  ներկայացուած նախագիծին շուրջ հասարակութեան կարծիքներն ու առաջարկները ստանալու համար, որմէ ետք միայն սահմանադրութեան նախագիծը պիտի ներկայացուի հանրապետութեան նախագահին», նշած է Աշոտ Ղուլեանը:

Սահմանուած կարգին համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահին համաձայնութիւնը ստանալէ ետք  սահմանադրութեան նախագիծը կը ներկայացուի Ազգային ժողովին, որուն կը յաջորդէ քննարկումներու մէկ փուլ եւս:

Սահմանադրութեան նախագիծի ելեկտրոնային տարբերակը տեղադրուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի կայքին մէջ: