Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Անյիշելի ժամանակներէ գինին եղած է մարդկային կեանքի եւ մշակոյթի մէկ մասը: Հին Յունաստանի մէջ գինին գովերգած են պատմիչները, բանաստեղծները եւ այլոք: Գինիի մասին իրենց աշխատութիւններուն մէջ անդրադարձած են նաեւ Եզովփոսը եւ Հոմերոսը, կը գրէ vintagenews.com-ը:

Գինիի յունական աստուած Դիոնիսոսը ներկայացուցած է ոչ միայն գինիի ոգելից ուժը, այլեւ անոր առողջարար ազդեցութիւնը:

Գինին շատ աւելի հին է, քան անոր մասին գրառուած պատմութիւնը: Մարդիկ հաւանաբար սկսած են աճեցնել խաղողը ցորեն աճեցնելէն քիչ անց` Քրիստոսէն շուրջ 8000 տարի առաջ: Հին ժամանակ գինին նոյնիսկ համարուած է բնութեան կախարդական պարգեւ: աշխարհի ամենահին հնձանը բացայայտուած է Հայաստանի լեռներէն մէկուն մէջ գտնուող քարայրի մը մէջ: Հետազօտողներու միջազգային խումբը յայտնաբերած է 6100 տարուայ պատմութիւն ունեցող կարաս, մամլիչ, բաժակ, եւ խմորման համար նախատեսուած կարասներ Հայաստանի Արենի-1 կոչուող տարածքի քարայրներէն մէկուն մէջ: Արենի-1 քարանձաւային համալիրը կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան Վայոց Ձորի մարզի Արենի գիւղին մէջ: 7 ամիս անց նոյն քարանձաւին մէջ յայտնաբերուեցաւ նաեւ աշխարհի ամենահին կաշիէ կօշիկը` Արենի-1 կօշիկը: Արենի գիւղը յայտնի է գինիի արտադրութեամբ:

Պեղումներու համանախագահ, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճըլեսի հնէաբանութեան Քոթսեն հիմնարկի նախագահ Գրեգորի Արեշեանը կը կարծէ` այդ գինին կրնայ համեմատուիլ ժամանակակից չզտուած գինիին հետ եւ ունի այն նոյն համը, ինչ որ Մերլոթը: Արեշեանի խօսքով` այս հնձանի յայտնաբերումէն առաջ ամենահին հնձանը կը գտնուէր Իսրայէլի մէջ (Ք․ա.1650թ): Հնագէտներու խօսքով` այն մարդիկ, որոնք թորած եւ խմած են այդ գինին, հաւանաբար օգտագործած են զայն արարողակարգային նպատակներով: