Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Ամերիկեան հեղինակաւոր CNN պարբերականը Հայաստանը ներառած է 15 լաւագոյն գինեգործական ուղղութիւններու շարքին: «Իտալացիները կ՛ըսեն, որ «ուտելիքը առանց գինիի նման է առանց արեւի օրուան»: Իրականութեան մէջ, շատ մշակոյթներու համար գինին ուտելիքի կարեւոր մասն է, եւ գինիի արտադրութիւնը Միջերկրածովեան տարածաշրջանէն տարածուած է բոլոր մայրցամաքներ:

«Գինիի արժեւորումը բարձր մակարդակի վրայ է եւ յանգեցուցած է գինեգործական երթուղիներոու յառաջացման, երբ Գերմանիան 1935 թուականին բացած է իր սեփական Վայնշտրասէն (Գինիի երթուղին):

«Այսօր գինեգործական երթուղիներն ու զբօսաշրջային պտոյտները աւելի հիասքանչ են, քան առաջ` կարեւորէն (Պորտօ) եւ գեղարուեստականէն (Քէյփ Թաուն) մինչեւ պատմականը (Հայաստան) ու անսպասելին (Պրազիլը)»,- «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ՝ կը գրէ պարբերականը` ներկայացնելով 15 լաւագոյն գինեգործական երթուղիները:

Աւստրալիայէն, ԱՄՆ-ի Քալիֆորնիայէն, Փորթուկալէն, Հարաւային Ափրիկէէն, Ֆրանսայէն, Յունաստանէն, Չիլիէն, Գանատայէն, Իտալիայէն, Պրազիլէն, Արժանթինէն, Սպանիայէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն ետք պարբերականը անցում կը կատարէ դէպի Հայաստան` Վայոց ձոր:

«Համաձայն Աստուածաշունչին` Հայաստան աշխարհի մէջ գինիի արտադրութեան առաջին տարածաշրջանն է, քանի որ անիկա Արարատ լերան լանջերուն է, ուր Նոյ ջրհեղեղէն ետք տնկեց առաջին որթը:

«Հնագէտները կը համաձայնին, որ ոչ վաղ անցեալին այստեղ յայտնաբերուած է 6100 տարուայ հնութեան գինեգործարան:

«Տեղական Արենիի բազմազանութիւնը դարեր շարունակ մնացած է անփոփոխ` շնորհիւ բարձր դիմացկունութեան: Վայոց ձորը այն տարածաշրջանն է, ուր գինիի արարման կը նպաստէ տարեկան 300 արեւոտ օրը:

«Ամենաշատ կազմակերպուող պտոյտները տեղի կ՛ունենան այն տարածքներ, ուր կայ աննման կարմիր Areni Noir-ը, որ 2012 թուականին Հայաստանը դրաւ միջազգային գինեգործական քարտէզի վրայ»,- կը նշէ CNN-ը: