Աղբիւր՝ www.asbarez.com

ՊԱՔՈՒ, «Ազատութիւն».-  Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, խօսելով ղարաբաղեան տագնապին առնչութեամբ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ իր պաշտօնակից Էլմար Մամետեարովի հետ վարած բանակցութիւններուն մասին, յայտնած է, որ «կողմերը աւելի քան երբեւէ մօտեցած են յաջողութեան հեռանկարին»։  «Ռուսիա եւ Ատրպէյճան կը քննարկեն յստակ քայլեր, որոնք  կրնան հասցնել Ղարաբաղի տագնապի լուծման», յայտարարած է ան։

Լաւրով մերժած է խօսիլ Յունիսին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն մանրամասնութիւններուն մասին։ «Հասկանալի պատճառներով մենք հրապարակաւ չենք մանրամասներ այն գաղափարները, որոնք քննարկուած են փեթերսպուրկեան հանդիպման ժամանակ: Երեք երկիրներուն առաջնորդները յատուկ կերպով պայմանաւորուած են, որ զգուշաւորութեամբ պիտի վարուին ի յայտ եկող յոյսի ծիլերուն նկատմամբ: Ասիկա՝ ոչ թէ այն պատճառով, որ մենք բան մը կը պահենք, պարզապէս ասիկա բանակցութիւններու սկիզբունք է», ըսած է Լաւրով։

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով, իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ ստացուող՝ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցով տեղեկատուութիւնը «Պաքու դրական կը տրամադրէ»: Ըստ անոր՝ բանակցային գործընթացի աշխուժացումը առիթ պիտի տայ հանգուցալուծելու այս ձգձգուած հակամարտութիւնը»:

Ըստ անոր՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն հանդիպումին վերաբերող մանրամասնութիւնները կը յստականան,  երբ Սերգէյ Լաւրով Ռուսիոյ նախագահին կը զեկուցէ Երեւանի եւ Պաքուի մէջ ունեցած բանակցութիւններուն մասին: Ան աւելցուցած է, որ ատրպէյճանական կողմին համար որեւէ նշանակութիւն չունի, թէ ո՛ւր կը կայանայ նախագահներուն հանդիպումը, «կարեւորը այն է, որ այդ բանակցութիւնները արդիւնաւէտ ըլլան»:

Յիշեցնենք, որ պաշտօնական Փարիզ հանդէս եկած էր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպումի կայացման նախաձեռնութեամբ: