Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Նախագահ՝ Հասան Ռուհանիի յղած իր նամակով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս խստօրէն դատապարտեց Թեհրանի մէջ յաջորդաբար Խորհրդարանին եւ Այաթոլլա Խումէյնիի դամբարանին դէմ եղած ահաբեկչական արարքները։

Վեհափառ Հայրապետը յատկապէս ըսաւ. «Ահաբեկչութիւնը ներկայ աշխարհին մէջ դարձած է համամարդկային չարիք։ Չարիք մը, որ ազգ եւ կրօնք չի ճանչնար. չարիք մը, որ կը փորձէ քանդել բարոյական, հոգեւոր ու մարդկային արժէքները եւ փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան վրայ հիմնուած համակեցութիւնը՝ ազգերու, կրօններու ու քաղաքակրթութիւններու միջեւ»:

Շարունակելով իր խօսքը, Նորին Սրբութիւնը խստօրէն դատապարտեց Իրանի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքները՝ կոչ ուղղելով, որ «Ազգեր, պետութիւններ ու կրօններ պէտք է միասնաբար պայքարին հասարակաց այս չարիքին դէմ»: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ Իրանի հայութեան անունով իր զօրակցութիւնը յայտնեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Նախագահին ու իր ժողովուրդին, որուն հետ երկար դարեր հայ ժողովուրդը Իրանի մէջ գոյակցած է փոխադարձ սիրով ու յարգանքով։