Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Իրանի հիւսիսը գտնուող Արեւմտեան Ատրպատականի ամենագեղեցիկ պատմական կոթողներէն մէկուն` Սուրբ Թադէոսի վանքին մէջ, Օգոստոսին պիտի մատուցուի պատարագ, որուն մասնակցելու նպատակով Իրան կ՛այցելեն հայեր ամբողջ աշխարհէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը` վկայակոչելով իրանական ԻՌՆԱ գործակալութիւնը:

Իրանէն, Հայաստանէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Հոլանտայէն, Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Գանատայէն հայ ուխտաւորներ տօնական ծիսակատարութեան ընթացքին կը կատարեն երեխաներու մկրտութիւն, մատաղօրհնէք: Չալդրանի շրջանի Սուրբ Թադէոսի վանքին մէջ տօնական ծիսակատարութիւնը տեղի կ՛ունենայ ամէն տարի եւ կը վկայէ կրօններու խաղաղ գոյակցութեան մասին: Ան զգալիօրէն կ՛աշխուժացնէ հայ համայնքի ազգային, մշակութային, կրօնական կեանքը:

Ս․ Թադէոս կամ Թադէի վանքը կը թուագրուի 4-6-րդ դարերով, սակայն ըստ աւանդութեան` ան հիմնադրած է Թադէոս Առաքեալը 66 -ին: Փորագրուած գրութիւնը կը վկայէ, որ վանքը 1814-ին վերանորոգուած է Ատրպատականի նահանգապետ Ապպաս Միրզայի հրամանով: Ս․ Թադէոս Առաքեալի վանքը քանի մը անգամ երկրաշարժէն աւերուած է եւ կրկին վերանորոգուած: 1946-ին վերանորոգուած է Թաւրիզի հայոց առաջնորդարանի ջանքերով, եւ 1954-ին առաջին հայ ուխտաւորները` 50-60 հոգինոց խումբով, Սբ Թադէոս Առաքեալի նահատակութեան օրը ուխտագնացութիւն կազմակերպած են Թաւրիզէն դէպի վանք: