Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

Իրանի իսլամական հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռուհանի Ս. Ծնունդի տօնին առիթով այցելած է Իրան-Իրաք պատերազմի ընթացքին նահատակուած երկու հայու ընտանիքներուն: «Արմէնփրես» կը նշէ, որ այս մասին կը հաղորդէ իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:

Պատերազմի մէջ զոհուած Ճորճ Քէշիշ Յարութիւնի ընտանիքին այցելութեան ժամանակ նախագահը գնահատած է ընտանիքներուն անձնազոհութիւնը` ընդգծելով, որ Իրանի ժողովուրդը կը գնահատէ թափած արիւնը այն նահատակներուն, որոնք մարտիրոսացան սեփական հայրենիքի պաշտպանութեան գործին մէջ:

Ռուհանի նշած է, որ Իրանի մէջ բոլոր կրօնական եւ ազգային խումբերը կողք-կողքի են երջանկութեան ու տխրութեան պահերուն: «Մեր ժողովուրդները միշտ կանգնած են կողք-կողքի եւ այդպէս ալ պիտի շարունակեն», ըսած է նախագահը:

Ճորճ Քէշիշ Յարութիւնի մայրը եւ քոյրերը իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են նախագահին` հանդիպումին առիթով:

Ռուհանի այցելած է նաեւ պատերազմի ընթացքին զոհուած մէկ այլ հայու` Էտվին Շահամիրեանի ընտանիքին: Ի պատասխան Շահամիրեանի մօր ջերմ ընդունելութեան` Իրանի նախագահը ըսած է. «Ասիկա մեր պարտականութիւնն է եւ այն նուազագոյնը, որ կրնանք ընել մարտիրոսներու ընտանիքներուն: Դուք ձեր որդին նուիրաբերած էք հայրենիքի պաշտպանութեան»:

Ան աւելցուցած է, որ Իրանի ժողովուրդը մշտապէս երախտապարտ եղած է հայազգի քաղաքացիներուն եւ զանոնք նկատած վստահելի, աշխատասէր ու ազնիւ մարդիկ, որոնք կը սիրեն իրենց երկիրը: