Աղբիւր՝ www.asbarez.com

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Պոլսոյ «Ակօս» թերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի որդիին՝ Արատ Տինքի դէմ մեղադրանք առաջադրուած է: Ան կը հետապնդուի, պարզապէս որովհետեւ ստորագրած է խաղաղութեան կոչ կատարող հռչակագիրներու տակ, որոնք հրապարակուած էին Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ հետապնդուող խումբ մը այլախոհ մտաւորականներու կողմէ:

Ըստ ամբաստանութեան՝ յայտարարութեան հեղինակները իրենց այդ քայլով քարոզչութիւն կը կատարեն Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան համար, որ Թուրքիոյ մէջ կը համարուի ահաբեկչական կազմակերպութիւն: Արատ Տինքին կը սպառնայ 1-5 տարուան բանտարկութիւն:

Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու 36րդ ատեանին մէջ տեղի ունեցած դատական առաջին նիստին ընթացքին, պաշտպանները պահանջեցին արդարացնող վճիռ տալ, նաեւ դատարանին ինքնաբացարկի միջնորդութիւն ներկայացուցին՝ նշելով, որ դատաւորները կողմնակալ են: Դատարանը մերժեց միջնորդութիւնները:

Նշենք, որ Պոլսոյ հանրապետական դատախազութիւնը կը մեղադրէ 1128 անձեր, որոնց մէջ է նաեւ՝ Արատ Տինք՝ 11 Յունուար 2016ին հրապարակուած «Ակադեմիկաններ՝ յանուն խաղաղութեան» ինչպէս նաեւ «Մենք այս մեղքին յանցակից չենք ըլլար» անունով յայտնի հռչակագիրներուն տակ ստորագրելուն համար:

Դատական նիստը յետաձգուեցաւ 9 Հոկտեմբերին: