Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ կրթութեան նախարարութեան պետական ամավարկի քննարկումներու ընթացքին հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան ներկայացուցած է դպրոցի մէջ աշակերտներուն հակահայկական դիրքորոշումներով կրթելու դէպքերու մասին:

Թրքական Ensonhaber կայքի փոխանցմամբ`  Կարօ Փայլան պատմած է, որ հայկական նախակրթարանէն ետք յաճախած է թրքական միջնակարգ դպրոց, ուր զաւեշտալի դէպքերու ականատես եղած է: Ան նշած է, որ անգամ մը պատմութեան ուսուցիչը դասարանին մէջ շեշտած է, որ հայերը թուրքերուն թիկունքէն դանակով հարուածած են, որմէ ետք բոլոր աշակերտները դարձած են դէպի իրեն:

Կարօ Փայլանը յիշեցուցած է բանակին մէջ իրեն հետ կատարուած դէպքը, երբ իր բանակային ընկերը, երբ իմացած է իր հայ ըլլալը, ուշագնաց գետին ինկած է: «Ուշքի գալէն ետք ան ըսաւ ինծի. Դու լաւ մարդ ես, դժուար հայ ըլլաս: Այսինք, թրքական դպրոցներուն մէջ հայերը այլ կերպով կը ներկայացնեն»,–նշած է Կարօ Փայլան: