Աղբիւր՝ www.asbarez.com

Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզին մէջ, 26 Օգոստոսին սկսաւ ՀՕՄի Արցախի միաւորին եւ Իրանի «Թեւանիկ» բարեսիրական խումբին կողմէ նախաձեռնուած ձեւագիտութեան եւ ասեղնագործութեան դասընթացքը:

Արցախի մէջ պատրաստուած արուեստի գործերը, ձեռային աշխատանքները Իրանի մէջ վաճառքի հանող «Թեւանիկ» խումբը զուգադիպութեամբ չէ, որ ձեռնարկած է նման դասընթացքի մը:

«Պատրաստի աշխատանքները վաճառքի ենք հանելու Իրանում: Բացի այդ, դասընթացը հնարաւորութիւն է տալիս տեղացիներին զարգացնել իրենց հմտութիւնները՝ լուծելով կանանց զբաղուածութեան հարցը», յայտնեց դասընթացքի մասնակցողներուն ձեւագիտութեան հմտութիւններ փոխանցելու նպատակով Իրանէն Արցախ գացած Սուետա Դանիէլեան:

Ծրագիրը Արցախի մէջ նախաձեռնուած է 3րդ անգամն ըլլալով: Մէկ շաբաթ տեւող դասընթացքին կը մասնակցին շուրջ 50 կիներ եւ աղջիկներ՝ Ստեփանակերտէն եւ Արցախի քանի մը շրջաններէ:

Դասընթացքին ընթացքին օգտագործուող 13 կարի մեքենաները եւ անհրաժեշտ յարակից բոլոր պիտոյքները տրամադրած է «Թեւանիկ» խումբը: ՀՕՄի Արցախի միաւորը այս ծրագիրին իր մասնակցութիւնը կը բերէ շրջաններու մասնակցողներուն ճանապարհածախսը եւ դասընթացքի բոլոր մասնակցողներուն ճաշը հոգալով:

«Դասընթացը փորձի փոխանակման եւ նոր կարողութիւններ ձեռք բերելու հնարաւորութիւն է ընձեռնում, եւ ելնելով մասնակիցների խանդավառութիւնից, կարող եմ ասել, որ այն ծառայում է իր նպատակին», ըսաւ ՀՕՄի Արցախի միաւորի ատենապետ Արմինէ Յարութիւնեան: