Աղբիւր՝ www.yerakouyn.am

Գերմանիոյ Ռէյխը Օսմանեան կայսրութեան զէնքեր տրամադրած է Հայոց Ցեղասպանութեան իրականացման համար: Այդ մասին կը գրէ գերմանական Deutsche Welle-ն` վկայակոչելով նոր զեկոյցը: Զեկոյցին հեղինակներուն համաձայն` պրուսական սպաները նաեւ դրած են կոտորածի «գաղափարական հիմքերը»:

Ըստ «Թերթ․am-ի՝ զեկոյցը 100 կազմակերպութենէ բաղկացած նոր բազմալեզու միջազգային ցանցի` Global Net – Stop the Arms Trade-ի հետազօտած առաջին «գործն է»:

Ինչպէս կը բացայայտէ նոր զեկոյցը, թրքական զօրքերը Հայոց Ցեղասպանութեան իրականացման համար հիմնականօրէն օգտագործած են գերմանական հրացաններ եւ այլ զինատեսակներ: Գերմանական Mauser ընկերութիւնը Օսմանեան Թուրքիոյ տուած է միլիոնաւոր հրացաններ եւ ատրճանակներ, որոնք օգտագործուած են Ցեղասպանութեան ժամանակ` գերմանացի սպաներու աշխոյժ աջակցութեամբ:

Զէնքի առեւտուրի դադրեցման օգտին հանդէս եկող Global Net – Stop the Arms Trade կազմակերպութեան զեկոյցին համաձայն ` գերմանացի սպաները, որոնք ծառայած են թուրք-օսմանեան զինուորական անձնակազմին մէջ, աշխոյժօրէն օգնած են իրականացնելու սպանութիւնները:

«Յարձակողներու մեծ մասը զինուած եղած են Mauser հրացաններով կամ քրապիններով, սպաները` Mauser ատրճանակներով»,- ըսուած է զեկոյցին մէջ: Շատ գերմանացի սպաներ կոտորածներու ականատես եղած են եւ գրած ատոնց մասին իրենց ընտանիքներուն ուղղուած նամակներուն մէջ:

Բացի հրացաններէ եւ ատրճանակներէ` թրքական բանակը նաեւ զինուած եղած է Krupp ընկերութեան արտադրած հարիւրաւոր հրանօթներով, որոնք օգտագործուած են Մուսալեռի մէջ հայերու զինուած դիմադրութիւնը ճնշելու ժամանակ:

Լրատուամիջոցը կը գրէ, որ 2015 թուականին Գերմանիոյ նախագահ Եոախիմ Կաուք ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութեան համար Գերմանիոյ կիսած պատասխանատւութիւնը, իսկ նոյն տարի լրագրող Եուրկեն Կօթշլիխի հրապարակած գիրքը մանրամասնած է Օսմանեան կայսրութեան համար Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Գերմանիոյ տրամադրած ռազմական խորհուրդներու եւ պատրաստութեան մանրամասնութիւնները: GN-STAT-ի նոր զեկոյցը, սակայն, առաջինն է, որ մանրամասնութիւններ կը բացայայտէ Mauser-ի եւ Krupp-ի տրամադրած նիւթական աջակցութեան ծաւալներուն մասին:

Ինչպէս կը նշէ զեկոյցին հեղինակ` Գերմանիոյ կողմէ զէնքի արտահանման մասին ֆիլմերու հեղինակ Վոլֆկանկ Լանտկրեպերը, Mauser-ը, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ատրճանակներու մենաշնորհ ունէր, այժմ չի գործեր որպէս ընկերութիւն, բայց Krupp-ի իրաւայաջորդը` գերմանական ThyssenKrupp պողպատ արտադրող հսկան, երբեք հրապարակային չէ խոստովանած Ցեղասպանութեան մէջ իր ունեցած դերը:

Մինչ գերմանական ընկերութիւնները տրամադրած են զէնքերը, իսկ գերմանացի զինուորները` ատոնք օգտագործելու փորձագիտական օգնութիւնը, գերմանացի սպաները, Լանտկրեպերի խօսքով, դրած են Ցեղասպանութեան «գաղափարական հիմքերը»:

Զեկոյցը կ՛անդրադառնայ զօրավար Քոլմար Ֆօն տեր Կոլցին, որ առանցքային ռազմական խորհրդական դարձած էր Օսմանեան կայսրութեան մէջ եւ գերմանական զէնքի արդիւնաբերութեան լոպպիստներէն էր: Ան կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Սուլթանը «հայկական հարցը վերջնականապէս լուծելու» հարցով համոզելու համար:

Լանտկրեպերը զայն կը համարէ նաեւ յետագային նացիստական գաղափարախօսութեան աղբիւրը, անոր խօսքով` Ատոլֆ Հիթլեր յետագային առած է թշնամիին ոչ միայն պարզապէս յաղթելու եւ յանձնուիլ ստիպելու, այլեւ ամբողջապէս ոչնչացնելու վերաբերեալ անոր գիրքին մէջ ներկայացուած դիրքորոշումները:

Լանտկրեպեր ընդգծած է, որ նոր հետազօտութիւնը չ՛ազատեր Օսմանեան կայսրութիւնը իր մեղքէն, այլ պարզապէս կը լրացնէ պատմութեան բաց մնացող կէտերը:

«Ամբողջական պատկերը պէտք է աւելի լիարժէք ըլլայ»,- ըսած է ան: